Առաւօ՛տ լուսոյ,
Արեգա՛կն արդար,
Առ իս լոյս ծագեա՜:
Բղխու՜մն ի հորէ,
Բղխեա՜ ի հոգւոյս
Բան քեզ ի հաճոյս…
Ս. Ներսէս Շնորհալի
«Ս. Ներսէս Շնորհալի  իմաստութեամբ աւելի մեծ էր, քան իր ժամանակի բազում վարդապետներ, եւ ոչ միայն հայոց, այլեւ յոյներու ու ասորիներու մօտ, այնքան, որ անոր իմաստութեան համբաւը տարածուեցաւ բոլոր ազգերու մէջ»: 
Կիրակոս Գանձակեցի
Պահլաւունիներու տոհմը մեծ դեր ունեցած է հայ կեանքին մէջ: Ան աչքի ինկած է ոչ միայն ռազմի եւ պետութեան կառավարման շրջանակներու մէջ, այլեւ հոգեւոր-մշակութային մեծ գործունէութիւն  ծաւալած է: Պահլաւունիներու հոգեւոր-մշակութային եւ գիտական շրջանակներու մէջ մեծ ներդրում ունի հայոց կաթողիկոս Ներսէս Դ. Կլայեցին (1166-1173), որ յայտնի է նաեւ Երգեցող, կամ Շնորհալի պատուանուններով: Հայ եկեղեցին իր մատուցած ծառայութիւններուն համար զինք սրբադասած է:
Ներսէս Շնորհալին ծնած է 1102-ին, Հայոց Միջագետքի Անձիտ գաւառի Ծովք ամրոցի մէջ: Հայրը իշխան Ապիրատ Պահլաւունին էր, որ միջնադարեան յայտնի ռազմաքաղաքական գործիչ, զօրավար եւ գիտնական Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունիի թոռն էր:
1045-ին, հայոց Բագրատունիներու թագաւորութեան կործանումէն յետոյ, Գրիգոր Մագիստրոս Պահլաւունին, իր տոհմական կալուածները յանձնելով Բիւզանդիային, ծառայութեան անցաւ թշնամի երկիր, որտեղ կայսրը անոր շնորհեց Միջագետքի դուքսի տիտղոս եւ բազում կալուածներ շնորհեց Հայոց Միջագետքին: Ապիրատ իշխանը ժառանգեց իր պապէն Ծովք ամրոցը:
XII դարու վերջաւորութեան, Պահլաւունիներու տոհմը կառավարման եւ ռազմի ասպարէզներու մէջ աստիճանաբար զիջեցաւ իր դիրքերը, փոխարէնը Պահլաւունիները իրենց տոհմի ձեռքին մէջ գրեթէ մենաշնորհային դարձուցին հայոց կաթողիկոսական գահը, ինչ որ առաւել ապահով ու ազդեցիկ էր…
Ներսէս Շնորհալի կաթողիկոսը եղբայրն էր Գրիգոր Գ. Վկայասէր կաթողիկոսին, որ կաթողիկոսական գահը զբաղեցուցած է 18 տարեկանին: Ներսէս Շնորհալի ինքն ալ 16 տարեկանին օծուեցաւ կուսակրօն քահանայ եւ որպէս խորհրդական միշտ եղբօր կողքին մնաց:
Անոնք որոշեցին հայոց կաթողիկոսական աթոռը դարձեալ տեղափոխել Անի: Սակայն քաղաքական իրադրութիւնը  թոյլ չտուաւ։ Անոնց ընդդիմացան Կիլիկիոյ իշխող ուժերը՝ Ռուբինեանները, որոնք, հայ քաղաքական միտքը եւ ուժը կենդրոնացնելով իրենց ձեռքին մէջ, Կիլիկիոյ  մէջ կը ձգտէին թագաւորութեան, ինչ որ յաջողեցաւ ընել 1198-ին Լեւոն Բ. Մեծագործ արքան:
Եւ 1150-ին Պահլաւունիները ստիպուած էին Անիի փոխարէն կաթողիկոսական աթոռը հաստատել Հռոմկլայի մէջ:
Ներսէս Շնորհալին, ձեռնադրուելով կուսակրօն քահանայ, ուսում ստացաւ Կիլիկիոյ Կարմիր վանքի վարդապետանոցին մէջ եւ ուսանելով ժամանակի անուանի կրթական, գիտական գործիչ Ստեփանոս Մանուկի մօտ, տակաւին երիտասարդ, ստացաւ վարդապետի տիտղոս:
1166-ին,Ներսէս Շնորհալի իր մահացած եղբօրը կաթողիկոսական գահը ստանձնեց: Որպէս կաթողիկոս ան բանակցած էր  կաթոլիկ եւ ուղղափառ եկեղեցիներու հետ՝ շօշափելով այդ եկեղեցիներու հետ հայ եկեղեցւոյ միասնութեան խնդիրները: Սակայն դէմ չըլլալով եկեղեցիներու միութեան՝ ան հայ եկեղեցւոյ համար դաւանաբանական եւ ծիսական մեծ արտօնութիւններ ու առանձնաշնորհումներ կը պահանջէր։
Շնորհալիի պատկերացումներով, ազգը համախմբողը ուղղակի հայ առաքելական եկեղեցին պէտք է ըլլար: Ան  եկեղեցին վեր կը  դասէր ամէն բանէ՝ նոյնիսկ հայոց պետականութեան գաղափարներէն:
Իր կաթողիկոսութեան օրօք ան անհաշտ պայքար ծաւալեց Հայաստանի լեռնային բարձր շրջաններու շուրջ 800 տարի ծուարած արորդիներու համայնքներուն, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ-հաղորդավարական շարժումներուն դէմ:
Ներսէս Շնորհալին, հայ եկեղեցւոյ առաջնորդ ըլլալով, կը ջանար  երկիրը, նոյնիսկ զինուորականութիւնն ու աշխարհիկ իշխանաւորները դնել եկեղեցւոյ ծառայութեան տակ եւ հաստատել հայ առաքելական եկեղեցւոյ գերագահութիւնը բոլոր շրջանակներու մէջ:
Պահպանուած է Ներսէս Շնորհալիի նամակը Կեսարիոյ Ալեքս եպիսկոպոսին՝ «Թուղթ առ Ալեքս», որուն մէջ հայոց կաթողիկոսը կը բողոքէ ըսելով, որ հայ զինուորականը այնքան յղփացած է, որ  ինքն իրեն թոյլ կու տայ… պահքի ժամանակ ձէթ օգտագործել: Ահա նման միջոցներով հայ եկեղեցւոյ առաջնորդը կը  ձգտէր հաստատել իր գերագահութիւնը՝ պարտադրելով զինուորականին խստագոյնս պահք պահել, նոյնիսկ՝ ձէթ չօգտագործել: Միթէ՞ նման կենսակերպով զինուորականը ի զօրու կ’ըլլար զէնք գործածելու:
Շնորհալին հայ հանրութիւնը կը  բաժնէր հինգ դասերու՝ հոգեւոր, իշխանական, զինուորական, քաղաքային կամ առեւտրական եւ երկրագործ: Եւ հանրութեան գլուխը կը  տեսնէր, բնականաբար, հոգեւորականութիւնը։
Միաժամանակ ան հանճարեղ բանաստեղծ էր, երաժիշտ, երգահան, աստուածաբան եւ պատմիչ:
Ներսէս Շնորհալին անուրանալի աւանդ ունի հայ միջնադարեան մշակոյթի զարգացման մէջ: Անոր ստեղծագործութիւնները համամարդկային արժէք ունին:
1146-ին ան գրեց «Ողբ Եդեսիոյ» բանաստեղծութիւնը՝ հայոց պատմութեան, մասնաւորապէս Եդեսիայի հայութեան մասին: Ան քնարավիպերգական պոեմ է: Հեղինակը ողբը շարադրած է Եդեսիոյ դէպքերէն ճիշդ մէկ տարի անց, որպէս դէպքերու ականատես, երբ հայկական քաղաքը գրաւեց Հալէպի Զանգի ամիրան, աւերեց զայն եւ հազարաւոր հայերուն սրի ճարակ դարձուց:
1152-ին Շնորհալին պիպլիական նիւթերով գրեց «Յիսուս որդի» բանաստեղծութիւնը, որ աննախադէպ երեւոյթ էր միջնադարեան համաշխարհային հոգեւոր գրականութեան մէջ:
1166-ին ան գրեց «Վանական ուղերձ» գործը, որուն մէջ պարզաբանումներ կը մտցնէր հայ հաւատացեալի վարք ու կանոնին մասին. ան կը  բացատրէր եւ կը  մեկնաբանէր Աւետարանը։ Այս աշխատութիւնը երկար ժամանակ իւրատեսակ կանոնագիրք հանդիսացաւ հոգեւոր-եկեղեցական կեանքին մէջ:
Նոյն թուականին գրուած «Թուղթ Ընդհանրական» գործը, որ մեծ հետք  թողուց հայոց միջնադարեան մտածողութեան վրայ, կը համարուէր Շնորհալիի արձակին պսակը: Սակայն աւելորդ չէ նշել, որ այս աշխատութեան մէջ Շնորհալին կը  դժգոհէր եւ կը քննադատէր այն հոգեւորականները, որոնք զինավարժութեամբ կը զբաղէին: Շնորհալիի աշխարհընկալմամբ՝ եկեղեցին պէտք չէ մասնակցէր հայրենիքի պաշտպանութեան:
Ներսէս Շնորհալի մեծ ներդրում ունի նաեւ հայ միջնադարեան երգարուեստի բնագաւառին մէջ: Ան դասակարգած է հայ հոգեւոր երգերը, մանաւանդ՝ շարականները: Ան հեղինակ է բազում շարականներու, որոնք մինչ օրս կը կիրարկուին հայ հոգեւոր կեանքին մէջ:
Առանձնակի արժէք ունի Շնորհալիի «Նորահրաշ Պսակաւոր» շարականը, որուն մէջ  հեղինակը գովերգած է Աւարայրի հերոսները: Իսկ «Հաւատով Խոստովանիմ» նշանաւոր աղօթքը, որ գրուած է 1151-ին եւ բաղկացած է օրուան 24 ժամերուն համապատասխան տուներով, համաշխարհային հոգեւոր գրականութեան չգերազանցուած գոհարներէն է: Աղօթքը թարգմանուած է 36 լեզուներու:
Ներսէս Շնորհալիի չափածոյ ստեղծագործութիւններու պսակն է անկասկած «Առաւօտ Լուսոյ»-ն :
Ան մտերիմ էր միջնադարեան հայ բժըշկապետ Մխիթար Հերացիի հետ,  կը հովանաւորէր բժշկապետին եւ անոր խնդրանքով գրած էր «Յաղագս երկնի եւ զարդուց նորա» տիեզերագիտական բանաստեղծութիւնը:
Արժէքաւոր է յատկապէս Շնորհալիի «Վիպասանութիւն» բանաստեղծութիւնը, որ գրած է 1121-ին: Ան առաջին չափածոյ պատմագրական երկն է համաշխարհային գրականութեան մէջ: Ան անդրադարձած է հայոց Տրդատ Գ. արքային, Աշխէն թագուհիին, Եդեսիոյ երեւակայական Աբգար թագաւորին, որ, իբրեւ թէ, ժամանակակից էր Յիսուս Նազովրեցիի եւ նամակագրական կապ ունեցած էր անոր հետ:
Աւելորդ չէ նշել նաեւ, որ Ներսէս Շնորհալի հեղինակն է աւելի քան 300 բանաստեղծական ոճով գրուած հանելուկներու, որոնցմով ան դարձած էր հայ գրականութեան մէջ այդ ժանրի հիմնադիրը:
Ներսէս Շնորհալին նաեւ հայ առաջին մանկագիրն է: Մանուկներու համար գրած է չափածոյ խրատներու երկու շարք՝ անձնաւորելով հայոց այբուբենի տառերը:
Ներսէս Շնորհալի կաթողիկոսը վախճանեցաւ 13 Օգոստոս 1173-ին, Հռոմկլայ: Ան թաղուած է նոյն վանքին մէջ:
Մահէն յետոյ Հայ առաքելական եկեղեցին սրբադասեց Շնորհալին: Անոր յիշատակը կը  նշուի ամէն տարի, Թարգմանչաց տօնին։
Աղբիւր՝ «Գանձասար Բացառիկ-2023»
Յակոբ Աւագ Սարկաւագ Պարսումեան