Ընդհանրապէս մարդկային կեանքին վրայ ազդեցութիւն բանեցնող, գերիշխող գաղափարներ եւ սկզբունքներ կան, որոնք մագնիսացած կ’ըլլան բարձրագոյն արժէքի մը հետ. անոնց ազդեցութեան դաշտին մէջ կը գտնուին նաեւ նշեալ գաղափարները դաւանող, անոնց հաւատացող հաւաքականութիւնները:
Այսպիսի գերիշխող գաղափար կամ սկզբունք կը վերածուի բեւեռի մը, որ դրական կամ բացասական ազդեցութեամբ համեմատաբար իրեն կը մօտեցնէ կամ իրմէ կը հեռացնէ բոլոր ազդուողները:
Այս իմաստով, հայ ազգային կեանքին մէջ միշտ ալ բարձրագոյն արժէք ներկայացուցած են հայրենիքն ու հայրենիքի գաղափարը, նոյն սկզբունքով յառաջացած է հայոց ազգային բացարձակ բեւեռը:
Ոմանց համար այս գաղափարը դարձած է դրական, անոնց՝ որոնք ապրած ու պայքարած են հայրենիքի ազատագրման, ազատագրեալ հայրենի հողին օրինական կարգավիճակ տալու համար, հայրենի սրբազան գործ համարելով զանոնք:
Իսկ ոմանց համար հայրենիքի գաղափարը դարձած է բացասական բեւեռ: Այսպիսիները միշտ ալ ուղղուած են նոյնինքն հայրենիքի դաւաճանութեան:
Ճիշդ այս կէտին մէջ կը ծնի արիութեան գործը ընդդէմ վատին: Ընտրեալ լաւագոյնները արիութեամբ կը յաղթեն մահուան, իսկ բացասականները պատճառաբանութիւններ փնտռելով, երբեմն ալ յօրինելով, կը շարունակեն արդարացնել իրենց մութ ընթացքը:
Այս ծիրին մէջ կը հանդիպինք բազմաթիւ օրինակներու, որոնք կը բացայայտեն հայրենիքի եւ ազգայնութեան գաղափարի բեւեռացումը: Յիշենք անոնցմէ Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ արաբ ազգայնութեան երկու բեւեռներու փոխազդեցութեան ու ազգային գաղափարականութեան զոյգ օրինակները:
1978-ին, Եգիպտոս, որպէս արաբ ազգայնական թեւի մէկ բեւեռ, կը ստորագրէ տխրահռչակ «Քամփ-Տէյվիտ»-ի յանձնուողական համաձայնագիրը, ինչ որ բնականաբար զիջում կ’ըլլայ իր արաբ ազգայնական բեւեռի բարձունքէն, ապա տեղի տալով՝ առաւել գաղափարական պատասխանատուութեան եւ քաղաքական պարտաւորութեան տակ դրած կ’ըլլայ, նոյն արաբ ազգայնութեան երկրորդ բեւեռը հանդիսացող Սուրիան:
Նոյնանման պատկեր կ’արտացոլայ հայկական տարբերակին մէջ, հայոց ազգային քաղաքական երկնակամարին վրայ:
Այս օրերուն, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւնը.
Ա.- Պարտուողական քաղաքականութիւն կը վարէ Արցախի նկատմամբ:
Բ.- Եւս Արցախի ազատագրեալ հողերուն օրինական կարգավիճակի հասցնելու քաղաքական տարրական պարտականութիւնը կանխամտածուած կ’անտեսէ:
Գ.- Կը ստորագրէ յանձնուողական համաձայնագիր մը, որ Արցախը թշնամիին տրամադրութեան տակ կը դնէ:
Դ.- Հայաստանի Հանրապետութեան որոշ տարածքներ վտանգի կ’ենթարկէ:
Ե.- Վտանգի կ’ենթարկէ հայրենի քաղաքական կամքն ու ազգային պետականութիւնը…:
Դարձեալ զիջած կ’ըլլայ եւ իր հետ զիջիլ կու տայ հայրենի քաղաքական բեւեռը իր երբեմնի բարձունքէն, այլեւ ազգային եւ գաղափարական առաւել պատասխանատուութեան եւ քաղաքական պարտաւորութեան տակ դրած կ’ըլլայ հայ ազգայնութեան երկրորդ բեւեռ հանդիսացող Սփիւռքի քաղաքական իշխանութիւնը եւ ազգային ղեկավարութիւնը:
Հայրենիքի բացարձակ արժէքին շեշտադրման եւ ազգային բեւեռի վերականգնումին գործը կ’իյնայ Սփիւռքի քաղաքական իշխանութեան եւ ազգային ղեկավարութեան ուսերուն:
Տուեալ վիճակը հարկ է նախ հասկնալ, ապա բնութագրել, վերարժեւորում կատարել, որպէսզի ըստ այնմ քաղաքական գործընթաց սկսի, աշխատանքային գործիքաւորում կատարուի եւ գործաբաշխում տեղի ունենայ:
Սփիւռքի իշխանութիւնը պարտաւոր է ինքնակերտումի եւ հայակերտումի գործը տանիլ աւելի բարձր գործելաոճով, որպէսզի ըստ իր կոչումին կարողանայ դիմել կարգ մը քայլերու, որոնք կ’արդարացնեն հայ ազգայնութեան երկրորդ բեւեռ մնալու պարտականութիւնը:
1.- Առաջին կարգին պէտք է բնութագրուի հայ ազգը որպէս մէկ ամբողջութիւն իր տարբեր բաժիններով (հայրենիքի, Արցախի եւ Սփիւռքի): Այս զանազանութիւնը պէտք է դառնայ ուժի աղբիւր, ոչ թէ պառակտումի ազդակ:
2.- Հայ Ազգի հոգեմտաւոր կառոյցը պէտք է պահպանուի իր միացեալ պատմութեամբ, իր պատկանելիութեամբ, գիրով, գրականութեամբ, ընկերային համերաշխութեամբ, լեզուով-կրօնքով, Հայաստանեայց ազգային եկեղեցիով, ապագայի նկատմամբ միացեալ մտասեւեռումով եւ քաղաքական միաձոյլ կամքով:
3.- Հայ ազգի մէկ ամբողջութիւնը  պէտք է պահպանուի իր ողջ էութեամբ եւ նոյն հաւատարմութեամբ փոխանցուի յառաջիկայ սերունդներուն, որպէս դրական ժառանգութիւն: Ինչո՞ւ, որպէսզի յաղթահարած ըլլանք ժամանակի գործօնը:
Շատ մը ազգեր հասած են իրենց ծրագրած նպատակներուն, ծրագրի թուականէն 175-200 տարի անց, առանց յուսահատելու շարունակած են պայքարիլ յանուն իրենց ազգային գերնպատակին, զէնք ունենալով միայն ազգային արժէքներու դրական ժառանգութիւնը:
4.- Սփիւռքի ազգային քաղաքական իշխանութեան պարտականութիւնն է նաեւ դաշնակցիլ այնպիսի օտար քաղաքական ուժերու հետ, որոնք հակադրական դիրքորոշման մէջ են մեր ազգային քաղաքական, տնտեսական իրաւունքները բռնաբարող ուժերուն նկատմամբ:
5.- Հայ ազգի ամբողջութիւնը, դրական ժառանգութիւնը, առաւել դրական քաղաքական դիրքորոշումը ապահովելէ ետք, Սփիւռքի ազգային քաղաքական իշխանութիւնը պարտաւոր է ուղիներ որոնել, միջոցներ գտնել կազմակերպելու համար վերոյիշեալները, երկար ժամանակի համար, երկար շատ երկար ալիքի հիման վրայ, նկատի ունենալով որ.
Ա.- Որքան կազմակերպուած աշխատանք տեղի ունենայ,
Բ.- Որքան երկար ժամանակ տոկալու քաղաքականութիւն մշակուի՝ այդքան կը բազմապատկուի ազգային քաղաքական շահը եւ ազգային նպատակի իրագործումը:
6.- Սփիւռքի ազգային քաղաքական իշխանութեան պարտականութեան ծիրին մէջ կ’իյնայ նաեւ թափանցել.
Ա.- Տեղական,
Բ.- Շրջանային,
Գ.- Միջազգային ուժերու մէջ եւ դասել զանոնք դրական եւ բացասական կարգերու, որպէսզի այդպիսով կարենայ հասնիլ դրական այլընտրանքին, որուն ընդմէջէն կարելիութիւն կ’ունենայ քաղաքական դէպքերու ընթացքը հունաւորելու դէպի ազգային ծրագիր եւ նպատակ:
Վերջ ի վերջոյ, եթէ կատարուին վերոյիշեալ քաղաքական վեց ծրագիրները, Սփիւռքի ազգային քաղաքական իշխանութիւնը կը դառնայ շրջանային զարթնող քաղաքական ուժ, որ պիտի կարենայ իրագործել հայոց ազգային գերնապատակներու նուաճումը: Այդպիսով Սփիւռքի իշխանութիւնը՝ արտաքին քաղաքական ազդեցութեամբ պիտի կարողանայ իր բեւեռային մագնիսական դաշտ ուղղել նաեւ հայրենիքը՝ իր իշխանութեամբ եւ ժողովուրդով:
Այսպիսով յաջողութեան նշոյլները հետըզհետէ պիտի յայտնուին հայ ազգի քաղաքական կեանքի մանրամասնութիւններուն մէջ:
Աղբիւր՝ «Գանձասար Բացառիկ-2023»
Արամ Աւագեան