Սուրիոյ 11-ամեայ տագնապը պատճառ դարձաւ, որ սուրիահայութիւնը թիւի եւ որակի առումով նօսրանայ:
Այս նօսրացման գլխաւոր պատճառը պատերազմին առթած անապահովութիւնն էր, երբ ահաբեկիչներու անխնայ ռմբակոծումներուն հետեւանքով հայաշատ թաղերը, ինչպէս Նոր Գիւղը, դատարկուեցան ու բնակչութիւնը տեղափոխուեցաւ աւելի ապահով թաղեր: Շատեր երկրէն հեռացան դէպի Լիբանան, Հայաստան ու արեւմտեան երկիրներ (ԱՄՆ, Քանատա, Շուէտ… ու այլուր):
Երիտասարդներու այլ խումբ մը զինուորական պարտադիր ու երկարաժամկէտ ծառայութենէն խոյս տալով անվերադարձ մեկնեցաւ երկրէն:
Երրորդ խումբ մը՝ թիւով աւելի նուազ, ուսման ու աշխատանքի փնտռտուքի, անորոշութեան դիմաց ըլլալով… եւ այլ պատճառներով լքեց երկիրը:
Ոչ ոք կը կռահէր, որ տագնապը 11 տարի կրնայ տեւել (ու արդեօ՞ք աւելի):
Որպէս եզրակացութիւն՝ մարդկային այս տեղաշարժը իր ժխտական անդրադարձը թողուց մանաւանդ երիտասարդութեան վրայ:
Վերոյիշեալ ընդհանրական, թէ այլ մասնակի պատճառներու (երբեմն ալ պատրուակներու) արդիւնքը հանդիսացաւ այն, որ սուրիահայութիւնը (ի Հալէպ, Դամասկոս, Գամիշլի եւ Քեսապ) կորսնցնէ իր հմուտ, պատրաստուած, խոստմնալից ու մանաւանդ երիտասարդ մարդուժին մեծամասնութիւնը:
* * *
Տագնապի 10-րդ տարուան աւարտին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը 2022-ը հռչակեց «Սփիւռքի Տարի», ի տես Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան անմխիթար ու վտանգուած իրավիճակին, որուն յաջորդեց 2022-ի Յունուարին Սփիւռքահայ Մտաւորականներու Խորհրդաժողովը, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վեհարանին մէջ, նախաձեռնութեամբ ու նախագահութեամբ Վեհափառ Հօր:
Խորհրդաժողովը հրապարակեց համապատասխան հռչակագիր, ամփոփելով 2022-ը «Սփիւռքի Տարի» հռչակելու դրդապատճառներն ու ժողովէն բխած առաջադրանքները:
Առանց խորանալու մանրամասնութիւններու մէջ, խուսափելով վերլուծական մօտեցումէ (այժմ), միայն նշենք որ Հայաստանն ու Արցախը կ’անցնէին դժնդակ իրավիճակներէ, իսկ տեղաշարժող Սփիւռքը կը հիւծէր արեւմտեան ոստաններուն մէջ խարխաբելով ու ձուլուելով, իսկ արեւելեան, իմա՝ Ռուսաստանի մէջ հաստատուած հայ Սփիւռքը, կտրուած էր հայկական իրականութենէն, անտեղի անծայրածիր անհունին մէջ կը կորսուէր՝ ֆիզիքական թէ հոգեմտաւոր առումներով: Մէկ խօսքով Սփիւռքը կը հիւծէր ու կը մաշէր: Մինչդեռ, Վեհափառ Հօր ընդգծումով, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը կրնար մեր ազգի հզօրացման հիմնական ազդակը դառնալ: Ուստի վերոյիշեալ իրավիճակներէն թելադրուած 2022-ը հռչակուեցաւ «Սփիւռքի Տարի»:
Հռչակագիրին մէջ Սփիւռքի իրավիճակին առնչութեամբ կ’ընդգծուէր հայ դպրոցներուն ներկայ վիճակը, երիտասարդութեան պատկերը, արեւմտահայերէնի նահանջն ու նոր գաղութներու՝ սփիւռքներու կազմութիւնը:
Մեր օրերուն, հետեւեալ հարցումը ինքզինք կը պարտադրէ, մանաւանդ նկատի ունենալով (7 եւ 8 Դեկտեմբեր 2022-ին) Անթիլիասի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վեհարանին մէջ գումարուած Ազգային Ընդհանուր Ժողովը, որ քննեց թէ ի՛նչ տեղաշարժներ արձանագրուեցան 2022-ի «Սփիւռքի Տարուան» ընթացքին:
Այս ժողովի նման բազմաթիւ հարցեր արծարծելով առարկայական քննարկումներ կատարեց:
Սակայն սուրիահայութեան իրականութենէն մեկնած, կ’ուզենք առանձնացնել կարգ մը բնագաւառներ (անշուշտ խուսափելով խորանալու Ազգային Ընդհանուր Ժողովի մանրամասնութիւններուն մէջ):
Առաջին կալուածին անդրադառնալով հետեւեալը հարցումը կ’ուղղենք.
Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ամրապնդման, մանաւանդ Հայաստանի ու Արցախի տագնապալի իրավիճակի մեղմացման ի նպաստ ի՞նչ ներդրում բերած է տակաւին սուրիական տագնապին մէջ կոտտացող ու չսպիացած վէրքերով տառապող սուրիահայութիւնը:
Անշուշտ որ մեծ ակնկալիքներ ունենալը պատրանք պիտի նկատուէր:
Գաղտնիք չէ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած երկդիմի ու ապազգային քաղաքականութիւնը, մանաւանդ այս եռամիասնութիւնը քակտելու, ջլատելու ու բախտաւոր պարագային անտեսելու վարքագիծը: Սակայն Հայաստանն ու Արցախը հայրենիք են մնայուն ու ոչ գնայուն ինչպէս իշխանութիւնը:
Ազգային տեսանկիւնէն միասնականութիւնը ակնկալելի էր անցնող տարուան մէջ ու է առնուազն համահայկական բնոյթ ունեցող հիմնահարցերուն գծով: Միասնական, ազգային կեցուածք ունենալով սատար հանդիսացած պիտի ըլլայինք Հայաստանին ու Արցախին: Սակայն այդ միասնութիւնը խարխաբումներ ապրեցաւ շարք մը պատճառներով:
Իսկ մեր ներքին միասնութիւնը որքա՞ն ուժգին ու կենսատու էր արդեօք:
Հարցադրումը կատարելով չեմ սպասեր անպայման արդիւնքին ու պատասխանին: Սակայն սուրիահայութեան խճանկարին մաս կազմող իւրաքանչիւր կողմ, կրնայ կը կարծեմ, այդ հարցադրումը կատարել ինքնիրեն ու պատասխանել անոր:
Երկրորդ բնագաւառը կրթականն է: Սուրիահայ գաղութին հիւծումով հիւծեցան ու տժգունեցան հայկական վարժարանները: Հայկական վարժարանները թուական թէ որակական անկում ապրեցան: Աշակերտութեան թիւի անկում, հմուտ ու փորձառութիւն վաստկած կրթական մշակներու ասպարէզէն թէ երկրէն հեռացում:
Տակաւին չենք ուզեր մանրամասնել կրթական համակարգին անբաւարար թէ անայժմէական իրավիճակը, իսկ ամենայոռին՝ հայ ուսուցիչին վարձատրութեան խեղճ ու անմխիթար պատկերն է, մանաւանդ այս օրերու տնտեսական սուր տագնապին լոյսին տակ:
Հայ ուսուցիչը, ի՞նչ դասանիւթով որ պարապի ան, իր ստացած վարձատրութեամբ անկարող է գոյատեւել ու ապրիլ որպէս մարդ արարած, կամայ-ակամայ պիտի լքէ ասպարէզը, որքան ալ նուիրական ըլլայ անոր կոչումը:
Մեր համեստ տեղեկութիւնները կ’ըսեն, որ ցարդ կատարուած լուծումները կարկըտան իսկ չեն կրնար ըլլալ, հակառակ անոր որ հարկ էր լաւապէս ըմբռնել, որ հայ դպրոցը, հայ ընտանիքէն ետք, կը մնայ այն վայրը, ուր հայ մարդուն միտքն ու նկարագիրը կը կերտուին: Այստեղ շեղելով, փոքր փակագիծ մը կը բանամ ու դրուագ մը կը յիշեմ:
Օգտուելով սուրիական պետութեան կրթական օրէնսդրական համակարգին մէջ կատարած բարեփոխումներէն, Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ վարժարանի (նախակրթարան էր այն ատեն) պատասխանատու կողմերը նախաձեռնեցին նախակրթարանը փուլային կերպով միջնակարգի ու երկրորդականի՝ Ճեմարանի վերածելու:
Օրինական տնօրինումին յաջորդեց նոր, 21-րդ դարու պատշաճ շէնքի մը շինութեան գործընթացքը, որ իրականացաւ քեսապահայութեան Սփիւռքի արքայավայել նպաստներով:
Այդ օրերը զուգադիպեցան Սարամազեան Վերապատուելի եղբայրներուն՝ Եսայի եւ Յովհաննէս (վերջինս այժմ հանգուցեալ) Քանատայէն Քեսապ այցելութեան:
Վերապատուելի Եսայի, ի տես մեր նախաձեռնութեան, ուրախութեամբ պատգամ մը տուաւ մեզի, երբ հանդիպեցանք:
– Տեսէ՛ք, տղա՛ք, նախ կը շնորհաւորեմ ձեզ ու կ’ըսեմ, որ եթէ եկեղեցին կոչուած է մարդոց հոգին ազնուացնելու, մշակելու, հայ դպրոցը կոչուած է հայ մարդը կերտելու, անոր նկարագիրն ու միտքը մշակելու ու զինք կեանքին պատրաստելու: Ձեր վարձքը կատա՛ր: Ձեզի յաջողութիւն կը մաղթեմ:
2023-ի շեմին, երբ տնտեսական տագնապը օրէ օր կը սրի, հայ ուսուցիչին ամսական վարձքը կը մնայ նոյնը, իսկ հայ վարժարանը հազիւ թէ կը յաջողի աշակերտին կրթաթոշակին չնչին մէկ մասը գանձել ծնողներէն:
Երրորդ բնագաւառը, որուն կ’ուզենք անդրադառնալ հայ երիտասարդութիւնն է:
Վերի տողերուն մէջ անդրադարձանք հայ երիտասարդութեան վրայ սուրիահայութեան տագնապի ազդեցութեան:
Տեղաշարժ կատարած երիտասարդութիւնը գնաց մասնաւորապէս արեւմտեան սփիւռքները հարստացնելու: Մնացեալ երիտասարդութեան ուսերուն բարդուեցաւ ծանր պատասխանատուութիւն: Անոր մասսան, պատերազմի ռումբերուն տակ, չհեռացաւ իր եկեղեցիէն, դպրոցէն, միութենէն ու ակումբէն: Սակայն ընկերատնտեսական պայմաններուն բերումով, երիտասարդութեան ստուար թիւ մը բաւական հեռու կը մնայ տակաւին հայ կեանքէն:
Ի՞նչ ճիգ թափուած է զանոնք ներգրաւելու, գէթ մօտեցնելու հայ իրականութեան, յատկապէս նկատի առած, որ անոնք ունին բաւականաչափ ներուժ, որմէ կարելի է օգտուիլ համայնքային իմաստով:
Մեզի կը թուի, թէ պէտք է անպայման վստահիլ հայ երիտասարդին, որպէսզի ան հայ կեանքը վարէ: Հարկ է օգտուիլ անոնց ներուժէն, ուսումէն, գիտութենէն, երէցներուս խորհուրդներուն եւ փորձառութեան փոխանցումով: Վերջապէս անոնց ուսերուն դնել պատասխանատուութիւն՝ ժամանակակից մարտահրաւէրները իրենց ոճով ու ձեւով դիմագրաւելու:
Անոնք ե՞րբ պիտի հանդիսանան հայ, սուրիահայ կեանքի նոր դրօշակիրները՝ հնամենի բարդոյթներէ զերծ, 21-րդ դարու վայել հայավարի մեր կեանքին:
* * *
Վերոյիշեալ մտահոգութիւններն ու մտորումները ու ասոնցմէ շատ աւելին, վստահաբար առարկայականօրէն քննեց Ազգային Ընդհանուր Ժողովը:
Այդ ժողովի բացման ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ կաթողիկոսին պատգամը աւելի քան խօսուն էր: Պատգամին յաջորդեց 11 Դեկտեմբեր 2022-ին Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին Վեհափառ Հօր պատգամ-քարոզը՝ տպաւորիչ իր ամբողջականութեամբ ու թափանցիկութեամբ:
* * *
2023-ը մեր առջեւն է արդէն: Մարտահրաւէրները նոյնն են, աւելի ծանր ու խորունկ:
Արդեօ՞ք չէ հասած պահը զանոնք յաղթահարելու ու մեր օրհասական իրավիճակը յեղափոխելու միասնական, համահայկական ուժերով:
Արդեօ՞ք մեր ճակատագրին տէրը մենք չենք՝ գոյատեւելու ու վերապրելու զայն:
Կը յուսամ, որ 2023-ը անկիւնադարձային կ’ըլլայ ե՛ւ սփիւռքեան մեր տագնապներու յաղթահարման ուղղուած քայլերու, ե՛ւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան համար:
Վերոյիշեալ տողերս 2023-ի Ամանորին առիթով բոլորին ուղղուած բարեմաղթութիւններ թող ըլլան:
Աղբիւր՝ «Գանձասար Բացառիկ-2023»
Կարօ Վ. Մանճիկեան