Մուտք
Կը կարծենք, թէ այս եւ նմանօրինակ նիւթեր անհրաժեշտ է դիտել տուեալ ժամանակի միջազգային իրադրութիւններու եւ քաղաքականութեան տեղաշարժերու շրջագիծէն ներս։ Հետեւաբար, ջանացինք պատմական դիտանկիւնէն համառօտ կերպով նախ ներկայացնել ՀՀ անկախութեան նախադրեալները, նկատի առնելով, որ շարք մը առնչակից հարցեր կը կարօտին յատուկ քննարկման, մանաւանդ որ Հայաստանի անկախացման օրերուն, Արցախի հիմնահարցը եւ անկախութեան գործընթացը սերտօրէն աղերսուած էին իրարու հետ։
Արդ, անկախ պետականութեան մը հաստատումը կամ վերականգնումը իւրաքանչիւր ժողովուրդի բաղձալի ցանկութիւնն է, երազանքը, տեսիլքը։ Հայ ժողովուրդը եւս իր դարարմատ պատմութեան ընթացքին բազմիցս կորսնցուցած եւ դարձեալ վերականգնած է իր անկախ ու ինքնիշխան պետականութիւնը, միշտ կենսագործելով յոյն իմաստուն Վիրքիլիոս Ա.-ի տեսլահար խօսքը. «Արաքսը կամուրջներ չ’ընդունիր…»։ Անվիճելիօրէն ամբողջ հազարամեակներ հայ ժողովուրդը եղաւ եւ պիտի մնայ պայքարի ժողովուրդ, հաւատքի ու յոյսի ժողովուրդ։
Այդպէս եղաւ նաեւ Ի. դարու վերջալոյսին, երբ ստեղծուեցաւ Հայաստանի (երրորդ) հանրապետութիւնը, եթէ ընդունինք խորհրդային վարչակարգի հաստատումը պայմանականօրէն («Confidential») անուանել «երկրորդ հանրապետութիւն»։ Անտարակոյս, որ 1991 թուականի ՀՀ-ը հիմնուած էր՝ 1918-1920թթ. առաջին եւ 1920-1991թթ. երկրորդ հանրապետութիւններու քաղաքական, տնտեսական, ընկերային հիմքին վրայ, նոյնիսկ դարձած էր երկուքին ժառանգորդն ու իրաւայաջորդը։
1918 թուականի Մայիսի 28-ին Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը եւ հայոց պետականութեան վերականգնումը՝ հայ ժողովուրդի մեծագոյն յաղթանակներն էին, նոյնիսկ բեկումնային իրադարձութիւն անոր հազարամեակներու պատմութեան մէջ, երբ նաեւ սկիզբ առին Սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւնները։ Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը գոյատեւելով շուրջ երկուքուկէս տարի, հաստատած էր նորագոյն շրջանի հայոց պետականութեան հիմքերը եւ անոր ապահոված էր, թէկուզ եւ անկատար նկատուող գոյութիւնը, ի դէմս Խորհրդային Հայաստանի։
ԽՍՀՄ-ի կազմէն ներս, բնաջնջումի սպառնալիքի չգոյութեան պայմաններու մէջ, Խորհրդային Հայաստանը նուաճումներ արձանագրեց ընդհանրապէս հասարակական ու տնտեսական կեանքի ոլորտներուն եւ բնագաւառներուն մէջ, ունեցաւ բաւական զարգացած արդիւնաբերութիւն, մանաւանդ մշակոյթ, աննախընթացօրէն զարգացաւ ժողովրդագրական պատկերը, սակայն զուգահեռաբար Խորհրդային Միութեան համակարգի ընդհանուր շրջածիրէն ներս արձանագրուեցան լճացումի դժուար տարիներ, երբ  Խորհրդային Հայաստանը միանշանակ չունէր եւ չէր կրնար ունենալ քաղաքականապէս ու տնտեսապէս՝ ազգային անկախ պետութիւն եւ պետականութիւն։
Թէ ի՞նչ էին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան նախադրեալները։ Հայ ժողովուրդի ցանկութենէն, երազանքէն, տեսիլքէն անդին այդ նախադրեալները կապուած էին քսաներորդ դարու աւարտի  միջազգային քաղաքականութեան եւ ընկերային-տնտեսական կեանքի բարդ հոլովոյթին հետ, դեռ չհաշուած Արցախեան հիմնախնդիրի ուղղակի առնչութիւնը Հայաստանի անկախութեան գործընթացին հետ։ ՀՀ անկախութեան նախադրեալները կարելի է ամփոփել հիմնական հետեւեալ քաղաքական, տնտեսական եւ ազգային-ազատագրական գործօններուն մէջ. ա) Պաղ պատերազմի աւարտը, բ) «Վերակառուցում»-ը եւ Խորհդային Միութեան փլուզումը, գ) Համաշխարհայնացումը, համաշխարհային տնտեսութիւնը եւ Հայաստանը, դ) Անկախութիւն-Հայ Դատ-Արցախեան Շարժում զուգահեռականութիւնը։
ա) Պաղ պատերազմի աւարտը
1980-ական թուականներուն Խորհրդային Միութիւնն ու անոր դաշնակիցները ի գին բազում զոհողութիւններու յաջողած էին հաւասարակշռութիւն մը հաստատել ԱՄՆ-ի եւ Ատլանտեան Ուխտի միջեւ` սպառազինութեան, այդ շարքին նաեւ հիւլէական զէնքի եւ հրթիռներու բնագաւառին մէջ, որուն արդիւնքով ԱՄն կորսնցուցած էր իր գերակայութիւնը Խորհրդային Միութեան հանդէպ։ Այս հանգամանքը ստիպած էր ԱՄՆ-ի եւ ԽՍՀՄ-ի ղեկավարութիւններուն նոր մօտեցումներ մշակել միջազգային անվտանգութեան ապահովման պարագային, մեկնելով այն հիմնադրոյթէն, թէ ապագայի պատերազմին յաղթողներ կամ պատուողներ պիտի չըլլային։ Այս դրոյթը պարտադրուած էր նաեւ հարցին տնտեսական տարածքին կողմէ, երբ սպառազինութիւններու մրցավազքը կլանած էր վիթխարի նիւթական միջոցներ եւ աղբիւրներ։
1990-ական թուականներու սկիզբէն իսկ, արդէն Խորհրդային Միութեան տնտեսութիւնը կքած էր, տնտեսութեան զարգացումը կ’ընթանար շատ դանդաղ կշռոյթով, իսկ ժողովուրդին ընկերային-տնտեսական վիճակը դէպի վայրէջք ուղղուած էր։
Սպառազինման մրցավազքը բացասաբար անդրադարձած էր նաեւ ԱՄՆ-ի եւ անոր դաշնակիցներուն տնտեսական կեանքին վրայ, չնայած անոնց զարգացման շատ աւելի բարձր մակարդակին1։ Տակաւին փոխուած էր համայն մարդկութեան մտայնութիւնն ու հոգեբանութիւնը։ Մարդկութիւնը սպառած էր պաղ պատերազմի սպառնալիքներէն, սկսած էր շատ աւելի վճռականօրէն պահանջել պաղ պատերազմի դադրեցումը՝ սպառազինումէն անցնելու համար համագործակցութեան։ Տիրող լարուածութեան մեղմացման պիտի նպաստէր «վերակառուցման քաղաքականութիւնը», որուն բաղկացուցիչ մասն էր նոր մօտեցումը արտաքին յարաբերութիւններու հանգուցային խնդիրներուն հանդէպ։
Միջազգային լարուածութեան մեղմացման գործնական առաջին քայլերէն հանդիսացած էր արեւմտեան եւ արեւելեան երկու խմբաւորումներու փոխյարաբերութիւններու նոր ոճի որդեգրումը, ուր տեղ տրուած էին երկխօսութեան բանակցութիւններուն եւ փոխզիջումներու սկզբունքներուն՝ առճակատումէն անցնիլ կարենալու համագործակցութեան։
Ահաւասիկ այս մէկը կարելի է անկիւնադարձային նկատել պաղ պատերազմի վերացման գործընթացին մէջ։ Երկու խմբաւորումներուն մաս կազմող պետութիւններու ղեկավարները սկսած էին բարձր մակարդակի հանդիպումներ եւ փոխայցելութիւններ կատարել եւ օրակարգի քննարկման նիւթ ունենալ՝ լարուածութեան մեղմացման եւ միջազգային ապահովութեան խնդիրները2։
բ) «Վերակառուցում»-ը եւ Խորհրդային Միութեան փլուզումը
Պաղ պատերազմի աւարտը եւ Խորհրդային Միութեան գլխաւորութեամբ արեւելեան խմբաւորումի փլուզումը՝ համաժամանակեայ գործընթացներ էին։
1980-ական թուականներու կիսուն եւ 1990-ական թուականներու սկիզբը, միջազգային շրջադարձային քաղաքական տեղաշարժերու հետ համահունչ, ԽՍՀՄ-ի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական բուռն զարգացումներուն հետեւանքով կազմալուծուած էր Խորհրդային Միութիւնը, Հայաստան իր կարգին անկախացած էր, որուն իրաւական ձեւակերպում տրուած էր  21 Սեպտեմբեր 1991-ին, համաժողովրդական հանրաքուէի արդիւնքով։
Քիչ մը աւելի մանրամասնելով, 1985 թուականի Մարտին փոխուած էր ԽՍՀՄ-ի ղեկավարութիւնը, լճացումի երկար տարիներու ղեկավարութիւնը փոխարինած էին աւելի երիտասարդ քաղաքական գործիչներ։ Երկրի քաղաքական, ընկերային-տնտեսական, մշակութային կեանքի արմատական փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւնը ինքզինք արդէն կը շեշտէր, ուստի յայտարարուած էր, թէ ԽՍՀՄ-ը տիրող խորագոյն ճգնաժամէն դուրս բերելու միակ միջոցը «վերափոխում»-ը կամ «վերակառուցում»-ն էր (Perestroyka), որ չէր նշանակեր սովորական «բարեկարգում»-ներու կամ «բարենորոգում»-ներու թղթածրար մը։
1980-ական թուականներու երկրորդ կէսը, սակայն, ճակատագրական հանդիսացած էր Խորհրդային Միութեան համար, երբ վերակառուցման քաղաքականութիւնը, որ առաւելաբար կը խոստանար հասարակութիւնը ժողովրդավարացնել, ձերբազատիլ անցեալի թերութիւններէն, աշխատանքային կարգապահութիւնը բարձրացնել, գիտաարհեստագիտական յառաջընթացը ապահովել եւ զայն կայուն հիմքերու վրայ զետեղել, փաստօրէն իր բոլոր հանգրուաններով ոչ միայն չէր իրականացած եւ ձեռնարկուած նախաձեռնութիւնները ձախողած էին, այլեւ երկրին մէջ սուր բնոյթ ստացած էր յատկապէս ազգային հարցը3, տակաւին աւելի զօրացած էին հանրապետութիւններու անջատողական եւ կեդրոնախոյս ձգտումները։ Մինչեւ անգամ կառավարման անձեռնհասութեան պատճառով, ստեղծուած էր քաղաքական անհակակշռելի վիճակ։ Տիրող լուրջ կացութենէն դուրս գալու համար ի դէպ ձեռնարկուած էին շարք մը տնտեսական «բարենորոգում»-ներու, սակայն տրուած ըլլալով որ երկրին մէջ դեռեւս «անսասան» կը մնային նախկին համակարգն ու գաղափարախօսութիւնը առանց գիտական ծրագրաւորման, անոնք եւս դատապարտուած էին ձախողութեան։ Այսպիսով ոչ-արմատական ձեռնարկումները առաջնորդած էին դէպի բարդ եւ հակասական գործընթացներու, զուգահեռաբար աւելի խորացնելով ընկերային-տնտեսական ճգնաժամը։
Վերոյիշեալ ճգնաժամը, առաւել պետական եւ անշուշտ իշխող Կոմունիստական կուսակցութեան գաղափարախօսութեան սնանկութիւնը, չլուծուած բազմաթիւ հարցերը եւ մասնաւորապէս ազգային հարցը շարժման մէջ դրած էին Խորհրդային Միութեան միլիոնաւոր քաղաքացիները, ժողովուրդներն ու ազգերը։ Փաստօրէն ժողովրդավարական համակարգը կորսնցնելով իր կենսունակութիւնը չէր կրցած յաղթահարել տիրող դժուար կացութիւնը։
1990-1991 թուականներուն առաջինը կազմալուծուած էր Խորհրդային Միութիւնը, երբ հզօրացած էին միութենական հանրապետութիւններու անկախութեան ձգտող շարժումները։ 1990-ին ԽՍՀՄ-ի կազմէն դուրս գալու որոշում ընդունած էին մերձպալթեան երկիրներէն Լաթվիա, Լիթվիա ու Էսթոնիա։ Այնուհետեւ համանման որոշումներ ընդունած էին միւս հանրապետութիւնները՝ Վրաստան, Ուքրանիա եւ աւելի ուշ Հայաստան, որ այդ օրերուն կաշկանդուած էր Արցախեան հիմնահարցով4։
Արցախի պարագային, մէկ կողմէ Խորհրդային Միութեան միտումնաւոր քաղաքականութեան, միւս կողմէ Հայաստանի Կոմունիստական կուսակցութեան ղեկավարութեան զգուշաւոր գործունէութեան հետեւանքով, հայ ժողովուրդը իր վստահութիւնը արդէն կորսնցուցած էր իշխող կուսակցութեան հանդէպ։ Այս բոլորը իրենց յարակից խնդիրներով առաջնորդած էին Հայաստանի քաղաքական կեանքի արմատական եւ շրջադարձային փոփոխութիւնները, որոնք սկզբնաւորուած էին Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի 1990-ի Մայիսի 20-ի եւ Յունիսի 3-ի ընտրութիւններով, որոնք տեղի ունեցած էին մեծամասնական ընտրակարգով։
Փաստօրէն 1990 թուականի Մայիսի 20-ին, 70 տարի վերջ առաջին անգամ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած էին Գերագոյն Խորհուրդի այլընտրանքային ընտրութիւններ, որոնց մասնակցած էր նաեւ Արցախի բնակչութիւնը։ Ընտրական պայքարը հիմնականին մէջ ընթացած էր Հայոց Համազգային Շարժումին (ՀՀՇ) եւ Հայաստանի Կոմունիստական կուսակցութեան (ՀԿԿ) միջեւ, ձայները բաժնուած էին երկուքին միջեւ։ Ապա 1990-ի Օգոստոսի 4-ին Հայաստանի նորընտիր Խորհրդարանի ձեռնարկած նախագահական ընտրութիւններով՝ վերջ տրուած էր Հայաստանի Կոմունիստական կուսակցութեան, 70 տարուան մենատիրական իշխանութեան։
Հայաստանի իշխանութիւնները ձեռնամուխ եղած էին ազգային անկախ պետականութեան ստեղծման։ 1990 թուականի Օգոստոս 23-ին Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի առաջին նստաշրջանը ընդունած էր՝  «Հռչակագիր Հայաստանի Անկախութեան Մասին» փաստաթուղթը, եւ դրուած էր անկախացման գործընթացի սկիզբը։
Խորքին մէջ, այս Հռչակագիրը առկայ բացթողումներով հանդերձ, իրաւական կարեւոր փաստաթուղթ էր դէպի անկախութիւն տանող ճանապարհին։ Փաստաթուղթը բաղկացած էր 12 կէտէ եւ կը նախանշէր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական, տնտեսական, մշակութային զարգացման ուղիները5։
Անտարակոյս, որ առկայ խորքային փոփոխութիւնները կը խաթարէին խորհրդային սահմանադրութեան ամբողջականութիւնն ու ներքին կառոյցի տրամաբանութիւնը, տրուած ըլլալով որ իրաւաբանօրէն յստակ կերպով անոնք կը համապատասխանէին ամբողջատիրութեան պահանջներուն՝ Կոմունիստական կուսակցութեան ընձեռելով իշխանութեան անսահմանափակ կարելիութիւններ։
Հայաստանի նկատմամբ Մոսկուայի վարած քաղաքականութիւնը՝ դրսեւորումն էր Խորհրդային Միութեան փլուզումը ամէն գնով կասեցնելու ձգտումին, երբ պարզապէս ՀՀ արդէն կ’ընթանար անկախութեան ճանապարհով6։
Մեկնելով Հայաստանի անկախութեան մասին Հռչակագրի դրոյթներէն ու նպատակներէն՝ Մոսկուայէն անկախանալու եւ ազգին շահերէն բխող քաղաքականութիւն վարելու նպատակով, Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը 1991-ի Մարտի
1-ին որոշում կայացուցած էր՝ նոյն տարուան Սեպտեմբերի 1-ին Հանրապետութեան տարածքին իրականացնել ժողովրդային հանրաքուէ ԽՍՀՄ-ի կազմէն դուրս գալու եւ անկախանալու հեռանկարով։ Այդ թուականին Հանրապետութեան ճնշող մեծամասնութիւնը, այսինքն 2 միլիոն 43 հազար քաղաքացի (քուէարկութեան իրաւունք ունեցողներու 94,39 տոկոսը) «այո» ըսած էր անկախութեան։ Հանրաքուէի արդիւնքներու հիմամբ 1991 թուականի Սեպտեմբերի 23-ին Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդը Հայաստանը հռչակած էր Անկախ Պետութիւն։ 70 տարի վերջ դարձեալ վերականգնած էին Հայաստանի անկախութիւնն ու պետականութիւնը։
Առանց մանրամասնելու, այնուհետեւ Հայաստանի մէջ ստեղծուած էին խորհրդարանական հանրապետութիւն, նախագահական կառավարման համակարգ, երբ հետեւելով օրէնսդիր, գործադիր դատական իշխանութիւններու տարանջատման գծով Անկախութեան Հռչակագրի դրոյթներուն՝ ՀՀ Գերագոյն Խորհուրդը 1991-ի Յունիսի 25-ին հաստատած էր նախագահի պաշտօնը7։
Անկախութեան ուղիէն ընթացող հանրապետութեան կը սպասէին ծանր փորձութիւններ, դժուարութիւններ, մարտահրաւէրներ8։ ՀՀ համար այսպիսի ծանր պայմաններու մէջ, 1991-ի Դեկտեմբերի 8-ին Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ, Պելոռուսիոյ ղեկավարներուն կողմէ՝ Մինսքի մօտակայքի Պելովեժըսկի բնակավայրին մէջ համաձայնագիր ստորագրուած էր ԽՍՀՄ-ի գոյութիւնը դադրեցնելու մասին, որպէս միջազգային կազմակերպութիւն (International subject) եւ աշխարհաքաղաքական իրողութիւն։ Միաժամանակ յայտարարուած էր միջազգային համագործակցութեան կազմակերպութեան՝ «Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան» (ԱՊՀ) կազմաւորման մասին։
Միութենական նախկին հանրապետութիւններէն Մինսքի համաձայնագրին առաջինը արձագանգած էր ՀՀ, որ ողջունած էր ԱՊՀ-ի ստեղծումը եւ յայտնած էր անոր միանալու իր տրամադրութիւնը։ Ապա 11 ինքնիշխան պետութիւններու (Ռուսիա, Ուքրանիա, Պելառուս, Ղազախստան, Ուզպեքիստան, Տաճկիստան, Ղրղզիստան, Թուրքմէնիստան, Ատրպէյճան, Մոլտովա եւ Հայաստան)  ներկայացուցիչներու Դեկտեմբեր 21-ի հանդիպումը տեղի ունեցած էր Ղազախստանի այդ օրերու մայրաքաղաք Ալմա Աթայի մէջ, ուր պաշտօնապէս յայտարուած էր ԽՍՀՄ-ի լուծարման եւ ԱՊՀ-ի ձեւաւորման մասին, որուն աւելի ուշ մաս պիտի կազմէր Վրաստանը։ Այլեւս պատմութեան անցած էր աշխարհի առաջին «սոցիալիստ» երկիրը։
Խորհրդային Միութեան փլուզման անմիջապէս յաջորդած էր ժողովրդավարական համակարգի փլուզումը9։
Անկախ պետութեան հռչակումէն եւ յատկապէս ԽՍՀՄ-ի փլուզումէն յետոյ՝ Հայաստանը թեւակոխած էր զարգացման նոր հանգրուան մը, պետականութեան կայացման եւ ամրապնդման շրջանը։
գ) Համաշխարհայնացումը, համաշխարհային տնտեսութիւնը եւ Հայաստանը
Քսաներորդ դարու վերջին քառորդին չնախատեսուած անակնկալներու մեծագոյնը հանդիսացած էր Խորհրդային Միութեան փլուզումը, նաեւ խախտած էր գերուժերու հաւասարակշռութիւնը, շրջուած էին  տնտեսական արժեչափերը եւ լուսարձակի տակ եկած էին ընկերային տարաբնոյթ երեւոյթներ, որոնց ոլորտներուն մէջ մարդկութիւնը դիմաւորած էր երրորդ հազարամեակը։
Այս երեւոյթներուն ամէնէն լայնածիրը դարձած էր  համաշխարհայնացումը (Globalization)։ Հակիրճ բացատրութեամբ մը, սոյն եզրը որդեգրուած էր անցեալ դարու ութսունական թուականներուն, որոշ պատկերացում մը տալու միջազգային քաղաքական, տնտեսական-ազգային կեանքը վերակառուցելու ձգտող ճիգերուն եւ ուղղութիւններուն, համաշխարհային տնտեսութեան մը իրագործման հեռանկարով, ուր բոլոր երկիրները համահաւասար մրցակիցներ պիտի ըլլային համաշխարհային շուկայի մը մէջ։ Միաժամանակ կարելիութիւններ պիտի ստեղծուէին ճարտարագիտական, դաստիարակչական, մշակութային միաձուլման, մանաւանդ որ ժամանակակից ճարտարագիտութիւնն ու յատկապէս հաղորդակցութեան միջոցները զարմանալի արագութեամբ իրարու միացուցած էին երկիրներ, ժողովուրդներ, տնտեսութիւններ, ինչ որ նախապէս անհնար էր։
Վերոյիշեալ գաղափարաբանութեան լիարժէք իրականացման հիմնական խոչնդոտներէն դարձած էր, թէեւ ցարդ վիճելի, բազմատարրութիւնը (Pluralism), որ արգելակած էր ամբողջական միաձուլում մը, գլխաւոր հակազդեցութիւն դրսեւորելով ազգային, ցեղային, մշակութային, նոյնիսկ կրօնական առանձնայատկութիւններու պահպանման հարցը։ Զուգահեռաբար համաշխարհայնացումի եղափոխման (Evolution) ասուպային ընթացքը ճշգրտօրէն բնորոշած էր անոր տարածքները՝ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային-մշակութային10։
Բացի այդ, համաշխարհայնացումի դրական եւ ժխտական արդիւնքներու շրջագիծին մէջ, ի յայտ եկած էր տիրապետող կամ գերիշխող համաշխարհայնացումը, որ կը ստեղծէր կամ կը ճանչնար միա՛կ գերուժ մը՝ ամբողջ աշխարհին տիրապետող, կ’անհետացնէր եւ մէկ պարունակի մէջ կը միաձուլէր բազմազան արժէքներ եւ իւրայատկութիւններ, պարտադրելով քաղաքական, մշակութային, ընկերային, նիւթական, սպառողական եւ այլ յատուկ համակարգեր, առանց նկատի առնելու ժողովուրդներու պատմաքաղաքակրթական, հոգեմտաւոր, ընկերաբարոյական աւանդը եւ անոնց զարգացման բնական ընթացքը, որոնց համագումարը՝ ժողովուրդի մը գոյն ու դիմագիծ տուող ազգային ինքնուրոյն մշակոյթն է։ Եւ այսօր, արդէն այս մղձաւանջն է, որ կ’ապրի հանուր մարդկութիւնը հարց տալով՝ համաշխարհայնացումը բարի՞ք է, թէ չարիք, երբ յատկապէս մշակոյթ (Culture) եզրը, իմաստասէրներու, պատմաբաններու, ընկերաբաններու կողմէ բնութագրուած էր իբրեւ բարացուցիչ մարդոց ինքնարտայայտութեան եւ լինելութեան այլազան կերպերուն։ Ի դէպ մանաւանդ արեւմտեան տեսաբաններու կարծիքով, մինչեւ Ի. դարու աւարտը ԱՄՆ իր զօրաւոր գիտական եւ արհեստագիտական նուաճումներով, նաեւ տնտեսական եւ ռազմական ներգործութեամբ՝ առաւել ազդեցիկը պիտի ըլլար համաշխարհային խնդիրները կառավարելու ջանքերուն մէջ, իրողութիւն մը որ անշուշտ կ’անհանգստացնէր տկար երկիրներն ու ժողովուրդները։
Ահաւասիկ այստեղ համաշխարհայնացումը առնչուած էր նաեւ Հայաստանի։ Արդարեւ, անկախութեան նախօրեակի դժուար ժամանակահատուածին մէջ, նաեւ եկած էր ժամանակը անյապաղ ճշդելու Հայաստանի տնտեսական ժամանակակից քաղաքականութիւնը եւ իր տեղը գրաւելու համաշխարհային տնտեսութեան մէջ։ Իսկ համաշխարհայնացումի ազգային մօտեցումին տարածքը՝ բացասական եղած էր անկախութեան անմիջական վաղորդայնին եւ իր դրսեւորումը ունեցած էր այդ օրերուն որդեգրուած քաղաքականութեան ոլորտներուն մէջ11։
դ) Անկախութիւն-Հայ Դատ-Արցախեան Շարժում զուգահեռականութիւնը
Թուրքին անողորմ եաթաղանով, այս ծաւալով ծնունդ առած եւ Սփիւռք կոչուած աշխարհասփիւռ ու բազմատարր իրականութեան պատմութիւնը՝ նոյնինքն Հայ Դատի տարեգրութիւնն է։ Յետադարձ արագ ակնարկով մը, կը տեսնենք, թէ առաջին յիսուն տարիներու հանգրուանը (մինչեւ 1965թ.), ամէնուրեք կը բնորոշուի իբրեւ հայութեան ֆիզիքական գոյութեան պահպանման՝ գոյապահպանումի եւ հայապահպանումի շրջան։ Յիսնամեակը (1965թ.) վճռական եղած էր հանուր հայութեան համար, երբ լացի ու արցունքի, ողբի ու սուգի էջը փակուելով Սփիւռքի մէջ հայութիւնը վերականգնած էր եւ լծուած էր հայակերտումի, Հայ Դատը սկսած էր ընթանալ դէպի քաղաքականացում։ Մինչ հայրենի ժողովուրդը, առաջին անգամ Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին Ապրիլեան Յուշակոթողին շուրջ բռունցքուած՝ խոնարհած էր մեր նահատակներուն յիշատակին։
Այս, մեծ իրադարձութիւն էր խորհրդային միգամած իրականութեան մէջ, ուր դեր ունեցած էին այդ օրերու Խորհրդային Հայաստանի կարգ մը ղեկավարները, մտաւորականութիւնը, Հայ եկեղեցին եւ անշուշտ մեր ժողովուրդը՝ իր անբեկանելի կամքով եւ հայկեան ոգիով12։ Վաթսունամեակին (1975թ.) Սփիւռքի տարածքին ծաւալած քարոզչական եւ դիւանագիտական լայնածիր աշխատանքներուն կողքին, հայ երիտասարդին պահանջատէր կեցուածքը վկայած էր, թէ հայը միա՛յն ժամանակաւորապէս կ’ընդունէր Սփիւռք դառնալ եւ տէրն էր անկորնչելի իր իրաւունքներուն։ Եօթանասունամեակին (1985թ.) Հայ Դատի հետապնդման գործընթացի նուաճած ողջունելի յառաջխաղացքը միալար արձագանգած էր, թէ հայութիւնը վճռած է շարունակել իր «Յամառ ու վսեմ» երթը՝ դէպի «Մի վեհագոյն, մի սքանչելի նպատակ…»։
Ապա, 1988-ին Արցախեան խիզախ ու անակնկալ պոռթկումը նոր հունաւորում տուած էր Հայ Դատին, վերանորոգած էր պատմական ջարդարարին ու անոր դիւային նորագոյն սադրանքներուն դէմ միակամ ծառանալու հաստատակամութիւնը, հաւատալով ազատութեան ճանապարհէն ճառագայթող անժամանցելի պատգամին. «Թշնամին չափազանց անողորմ է, բիրտ ու ոճրագործ. որպէսզի համբերութիւնը շարունակէ առաքինութիւն մնալ, զարկ ուժգին… Զա՛րկ շարունակ, մինչեւ արդարութեան վսեմ գործը յաղթանակէ»։
Պարզապէս հայ ժողովուրդը հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ այլեւս խորապէս կը գիտակցէր, թէ քաղաքականացած Հայ Դատը եւ մեր Ազգային պահանջատիրութիւնը կենսագործելու միա՛կ ճանապարհը՝ ազատ, անկախ եւ ինքնիշխան Հայաստանն էր։
Հայաստանի անկախութիւնը կանխող տասնամեակներուն եթէ քաղաքական իրադրութիւններուն իբրեւ արդիւնք, Հայ Դատին սեփականատէրը մնացած էր հայ Սփիւռքը, սակայն պատմական պատճառաբանութիւններու խարսխուած ներուժով եւ ազգային յիշողութեան ամէնէն պարզ հասկացութեամբ, հայուն ազատ, անկախ ու ինքնիշխան հայրենիքը իբրեւ իրաւատէրը հայ անուան եւ հայ նահատակներուն, այլեւս իրաւասու դարձած էր պետական բարձրագոյն մակարդակներու, յատկապէս քաղաքական ու իրաւական միջազգային հարթակներու վրայ հետապնդել մեր Դատը, միաժամանակ հզօրացնելով հայկական պահանջատիրութեան լծակները եւ ամրապնդելով Սփիւռք-հայրենիք զուգահեռականութեան արժեչափերը, որոնք հիմնարար կռուաններէն են սկսուած ազգապարծան պայքարը շարունակելու եւ մեր ազգային արժանապատուութիւնը լիագոյն կերպով պահպանելու։ Հետեւաբար, հանուր հայութիւնը պահանջատիրական նոր հանգրուանը թեւակոխած էր առաւել լաւատեսութեամբ՝ անկախ Հայաստանի եւ յարանուաճ յաղթանակներու տեսիլքով գօտեպնդուած։
Յստակ է, թէ ՀՀ ներկան ու ապագան պէտք է կերտուէին քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ այլ այժմէական ու արդիական չափանիշերով, բազմապիսի դժուարութիւններով բնորոշուող այսպէս ըսուած փոխանցման շրջանէ մը ետք, երբ մինչ այդ կամայ թէ ակամայ պիտի տուժէինք։ Համայն հայութեան համար բախտորոշ այս շրջանին սակայն, մինչ քաղաքական եւ տնտեսական տագնապները արդէն մղձաւանջային եւ գրեթէ պարտուողական դրութիւն ստեղծած են, արդեօ՞ք արդարացի է նաեւ գաղութային դրութիւն ստեղծել եւ «բարի դրացութեան» «բարի» տրամադրութիւններով զոհել Հայկազնեան ցեղի շքեղ դիմագիծն ու յաւերժաբարբառ պատմութիւնը։ Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ Մեծ Եղեռնը, մեր հին ու նոր նահատակներն ու բռնախլուած պապենական հողերը, խեղդել Անլռելի Զանգակատան անլռելի ղօղանջները։
Հանուր հայութեան համար թրքական նախապայմանները անընդունելի են եւ անընդունելի կը մնան մասնաւորապէս ԼՂՀ-ի յանձնումը Ատրպէյճանի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումէն հրաժարումը։ Հայ ժողովուրդը իր դարաւոր ու փառաւոր պատմութեան բոլոր հանգրուաններուն՝ յաջողած է համախմբել իր ուժերը, ամրապնդել իր միասնականութիւնը եւ կազմակերպել իր ներուժը, ապացոյցը՝ 1994 թուականին ոսոխին կրած ծանր պարտութիւնն էր, երբ Մայիսի 12-ին կնքուած հրադադարի պայմանագրով հաստատուած էր Ատրպէյճանի պարտութիւնը եւ ՀՀ ու ԼՂՀ միացեալ զօրքերու յաղթանակը, միջազգային ընտանիքին մօտ բարձրացնելով Հայաստանի հեղինակութիւնը՝ որպէս տարածաշրջանային գործօն ու դերակատար, քաղաքական նուաճում մը, որ այսօր ալ ինքզինք կը շեշտէ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական նոր եւ բարդ պայմաններու բոլորակէն ներս13։ Այսօր, բաւարար է դուրս գալ ներքին բեւեռացումներէն եւ վստահիլ պայքարի մեր ժողովուրդին անխորտակելի կամքին ու անսպառ կարելիութիւններուն։
Հայաստանի անկախացման նախադրեալներուն հետ համապատասխան, ներկայիս համահաւասար կարեւոր է ՀՀ առաջին 30-ամեակի պատմութեան պարբերացումը, որ հայ պատմագիտութեան կարեւոր առաջնահերթութիւններէն կը հանդիսանայ: Յատկապէս 1991-2021 թուականներու հանգրուանը բնորոշուած է կարեւոր ու ճակատագրական իրադարձութիւններով, որոնց ժամանակաբովանդակային հանգրուաններու բաժանումը՝ հայոց նոր շրջանի պատմութեան ուսումնասիրութիւնը պիտի դարձնէ աւելի համակարգուած ու ամբողջական:
Կարեւոր հանգամանք է նաեւ այսօր ըստ հնարաւորին խորքային կերպով եւ բազմակողմանիօրէն գնահատել Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու դերն ու դերակատարութիւնը։ Հայաստանի անկախացման եւ ՀՀ ստեղծման պարագային, երբ մեր նորագոյն պետականութեան ընթացքի ճանաչողութիւնը կ’առաջադրէ այդ յարաբերութիւններու հիմնական դրսեւորումները նկատի առնել, որպէսզի ՀՀ պատմութեան շարք մը զարգացումները դառնան առաւել յստակ ու բացատրելի, յատկապէս, որ արդի աշխարհի եւ համայն մարդկութեան համար ապագայէն եկող նորագոյն մարտահրաւէրները՝ 1) Կառավարման արդիւնաւէտ համակարգեր, 2) Ընկերային մեկուսացման հարց, 3) Լարուածութեան եւ վտանգի ու տագնապի համապարփակ զգացումի զարգացում, 4) Ժողովրդավարական գործընթացներու ակնյայտ դանդաղեցում, 5) Գիտաճարտարագիտական յառաջդիմութեան խորացում եւ ընդլայնում, 6) Համաճարակներ, 7) Կլիմայի փոփոխութիւններ եւ անոր հետեւանքները եւ այլն, որոշ պատկերացումներ կու տան նաեւ ՀՀ ապագայէն եկող հիմնական մարտահրաւէրներուն մասին, որոնք միջազգայնագէտներու եւ մասնագէտներու կարծիքով՝ ընդհանուր կերպով կարելի է տեսնել մասնաւորապէս ստորեւ տրուած  կէտերուն ընդմէջէն.
ա) ԱՄՆ-ի գլխաւորութեամբ, արեւմտեան աշխարհի յատկապէս ռազմական հզօրութեան վերականգնման պայմաններու հաստատման պարագային, եթէ նաեւ աստիճանաբար վերականգնի ՀՀ տարածաշրջանային միաւորման գործընթացը, կարելիութիւն կրնայ ստեղծուիլ ՀՀ գեռակշռող դերակատարութեան վերաշխուժացման՝ տարածաշրջանէն (Հարաւային Կովկաս)  ներս։
բ) Տեղական ռազմական հակամարտութիւններու պայմաններու հաստատման պարագային, ՀՀ հիմնական խնդիրը կը դառնայ անվտանգութեան ապահովումը։ Իսկ միջազգային քաղաքական հարթակին վրայ Ռուսիոյ դիրքերուն տկարացումը՝ կրնայ առաջնորդել ռազմական նոր ուսմունքի (Doctrine) մշակման անհրաժեշտութեան, եւ ուրեմն շարունակուող շրջափակումը կ’արգելակէ ՀՀ տնտեսութեան զարգացումը, կը բարձրացնէ քաղաքական վտանգները, բացասական հետեւանքներ կը ձգէ Արցախեան հիմնահարցի խաղաղ կերպով լուծուելու խնդրին գծով։
գ) Քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան պայմաններու հաստատման պարագային, առաւել հրատապ կը դառնայ ազգի ինքնակայունացման խնդիրը, երբ նոր պայմաններ կը ստեղծուին հայ ժողովուրդի անցեալի, ներկայի եւ ապագայի վերաիմաստաւորման խնդրով։
Հետեւաբար, ՀՀ նորագոյն մարտահրաւէրներու ուրուագիծը նուազագոյնը յառաջիկայ տասնամեակին համար կարելի է ամփոփել այսպէս.
1) Կառավարման արդիւնաւէտ համակարգի ստեղծման անհրաժեշտութիւն, որ ժամանակակից տեսական մեկնաբանութեամբ կ’ենթադրէ մտաւոր կարողութիւններու զարգացում եւ ազգի մտաւոր «աղքատութեան» յաղթահարում, որպէսզի կարելի դառնայ յարափոփոխ աշխարհակարգի պայմաններուն մէջ՝ երկարաժամկէտ կառավարման որակեալ համակարգ ունենալ։
2) Մեր տեղը որոշակի դարձնել քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան մէջ, յաւակնելով ինքնուրոյն տեղական քաղաքակրթութեան, որպէսզի ի վերջոյ չնոյնանանք համաշխարհային (Global) ուրիշ քաղաքակրթութիւններու հետ։
3) Ազգի անվտանգութեան ապահովման հարցի պայմաններու մէջ, ֆիզիքական, տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութագիտական անվտանգութեան տարածքներով, նկատի պէտք է առնել նաեւ աշխարհագրական եւ ապակեդրոնացման առանձնայատկութիւնները, որպէս զարգացման հզօրութեան առանցքային փաստարկ։
Եզրակացնելով, ապագայի լուսավառ տեսիլքն է, որ հայ ժողովուրդը պիտի առաջադրէ լուսաշող ապագային, պիտի ձեւաւորէ մեր սպասումներն ու ձգտումները, եւ դառնայ տարուող հայրենանուէր ու ազգանուէր այդ գործը ղեկավարող տոկուն սկզբունքը։
Աղբիւր՝ «Գանձասար Բացառիկ-2023»
Դոկտ. Հուրի Ազէզեան
Հալէպ-Սուրիա
******
1.- Երբ անոնց տնտեսական կեանքին մէջ սկսած էին օրինակ՝ աւելի յաճախակի դրսեւորուիլ ճգնաժամային երեւոյթներ, գործազրկութիւնը յարաճուն բարձրացում կ’արձանագրէր, դեռ չհաշուած ընկերային ապահովութեան թազմաթիւ խնդիրները եւ այլն։ 
2.- Աւելի՛ն, ԱՄՆ-ի եւ ԽՍՀՄ-ի միջեւ ստորագրուած էին կարեւոր պայմանագրեր, յատկապէս միջցամաքային հրթիռներու կրճատման տեսակէտէ, որպէսզի աշխարհը որոշ չափով դառնար աւելի ապահով եւ անվտանգ։ Կարեւոր է յիշել, թէ միջազգային քաղաքական լարուած մթնոլորտի մեղմացման եւ կայունացման մեծապէս նպաստած էին նաեւ 1989-ին խորհրդային զօրքերու դուրս բերումը Աֆղանիստանէն, Գերմանիոյ արեւելեան եւ արեւմտեան հատուածներու վերամիաւորումը 1990-ին, ԱՄՆ-ի եւ ԽՍՀՄ-ի միջեւ արձանագրուած լուրջ գործակցութիւնները, որոնց բարձրակէտը հանդիսացած էր Իրաքի մէջ «անապատին մէջ փոթորիկ» ռազմաքաղաքական ծրագրի իրագործումը։ Խորհրդային Միութիւնը թէեւ մասնակցութիւն չէր ունեցած պատերազմական գործողութիւններուն, սակայն լիովին պաշտպանած էր ՄԱԿ-ի բոլոր որոշումները ի նպաստ ԱՄՆ-ի եւ դաշնակից երկիրներուն 
3.- Համեմատել՝ Երիտթրքական քաղաքականութեան հետ։
4.- Այստեղ անհրաժեշտ է յիշել, թէ Հայաստանի համար տիրող քաղաքական բարդ կացութեան գումարուած էին 1988 թուականի Դեկտեմբեր 7-ի աղէտալի երկրաշարժը եւ անոր գրեթէ անյաղթահարելի հետեւանքները։ Հայաստանի ընկերային, բնապահպանական, լեզուամշակութային, ժողովրդավարական,  վերականգնումի, նիւթական ու բարոյական տարածքներով, եւ այլ գերխնդիրները լուծորդուած էին Արցախեան հիմնահարցին։  
5.- 1) Հռչակագրի քաղաքական բաժնին մէջ յիշուած էր, թէ ՀԽՍՀ-ը կը վերանուանուի՝ Հայաստանի Հանրապետութիւն, կրճատուած ձեւով՝ «Հայաստան», այսինքն այնպէս՝ ինչպէս որ կոչուած էր 1918-ի առաջին հանրապետութիւնը։ Յատուկ յօդուածով հաստատուած էր ՀՀ օրէնքներու գերակայութիւնը ԽՍՀՄ-ի նկատմամբ, կը նշանակէր, թէ եթէ տուեալ օրէնքը չէր հաստատուած Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ, ապա չէր կրնար գործել ՀՀ մէջ։ Նոյնպէս 1990-ի Օգոստոսի 24-ին պետական դրօշ ընդունուած էր եռագոյնը՝ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն, որ առաջին հանրապետութեան դրօշն էր։ Աւելի ուշ, 1992 թուականի Ապրիլ 19-ին ընդունուած էր նոր պետականութեան միւս խորհրդանիշերը՝ զինանշանը, որ դարձեալ առաջին հանրապետութեան զինանշանն էր եւ ազգային հիմնը՝ «Մեր Հայրենիք»-ը։ Հռչակագիրը կ’արտօնէր մարդկային իրաւունքներու յարգում, խղճի, կուսակցութիւնններու, ժողովներու, մամուլի ազատութիւն, աւելցուեցաւ յատուկ յօդուած 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման սատարելու գծով։ Մինչեւ նոր սահմանադրութեան՝ հիմնական օրէնքի ընդունումը, Հռչակագիրը պիտի ծառայէր որպէս ծրագրային փաստաթուղթ, միաժամանակ դառնալով ազգային օրէնսդրութեան եւ նոր սահմանադրութեան ստեղծման հիմքը։
2) Հռչակագրի տնտեսական բաժնին մէջ նշուած էր, թէ Հայաստանի տարածքին հողը, անոր ընդերքը, ձեռնարկութիւնները կը համարուէին հայ ժողովուրդի սեփականութիւնը։ Երկրի տնտեսութիւնը պէտք է հիմնուէր սեփականատիրական եւ ազատ շուկայական յարաբերութիւններու վրայ։ Հողը իբրեւ մասնաւոր սեփականութիւն պէտք է գիւղացիին տրուէր, իսկ ձեռնարկութիւններուն մէկ մասը ենթակայ էր սեփականաշնորհման։ Փաստաթուղթին մէջ յատուկ կէտով արձանագրուած էր, թէ Հայաստանը պէտք է ունենայ իր մասնաբաժինը ԽՍՀՄ-ի զինեալ ուժերու միջոցներէն, նաեւ պէտք է ունենայ իր սեփական դրամական համակարգը։
3) Մշակութային մասով յատուկ ուշադրութիւն տրուած էր հայերէնին, իբրեւ պետական լեզուի կիռարման հարց։ ՀՀ ամբողջ ներքին գործավարութիւնը պէտք է կատարուէր միայն հայերէն լեզուով։
6.- Տեղին է յիշել, թէ պատահականութիւն չէր, այլ քաղաքական ճակատագրական որոշում մը, որ ՀՀ-ը մերձպալթեան երկիրներու, Վրաստանի եւ Մոլտովայի հետ չէր մասնակցած Մոսկուայի նախաձեռնութեամբ ԽՍՀՄ-ի պահպանման վերաբերեալ՝ 1991 թուականի Մարտի 17-ին իրականացած համամիութենական հանրաքուէին, զայն համարելով ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքներուն հակասող քաղաքական քայլ։ Այս հակադարձութիւնը պէտք է դիտել որպէս քաղաքական յանդուգն քայլ մը, որ նաեւ կ’արտայայտէր հայ ժողովուրդին անկախութեան ձգտող կամքը։  
7.- Ստեղծուած նոր օրէնսդրութեամբ, 1991-ի Հոկտեմբեր 16-ին Հայաստանի մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցած էին նախագահական այլընտրանքային ընտրութիւններ 6 թեկնածուներու մասնակցութեամբ։ Ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ (83 առ հարիւր տոկոս) հանրապետութեան նախագահ ընտրուած էր ՀՀ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, փոխնախագահ՝ Գագիկ Յարութիւնեան։
8.- Հանրապետութիւնը կտրուած էր նախկին տնտեսական համակարգի օղակներէն, 1991-ի Նոյեմբերին հերթական անգամ փակուած էր Ատրպէյճանէն եկող կազամուղը եւ սկսած էր Հայաստանի ուժանիւթի շրջափակումը, որ աւելի եւս պիտի ծանրանար, գործելէ դադրած էին հանրապետութեան գրեթէ բոլոր ձեռնարկութիւնները, ընդհատուած էր երկաթուղային կապը եւ այլ մարզեր մեծապէս տուժած էին։ ՀՀ տնտեսութիւնը կանգնած էր կազմալուծման լուրջ վտանգի առաջ, որուն զուգահեռ մխիթարական չէր բնակչութեան ընկերային վիճակը։ Քաղաքական առումով տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւնը սկսած էր աւելի սրիլ։
9.- Երբ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ արդէն շատ աւելի առաջ դժգոհութիւնը բարձրացած էր գոյութիւն ունեցող քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական կարգերուն հանդէպ։ Այդ երկիրները կը գտնէին, որ ուղղակիօրէն կը գտնուէին Մոսկուայի թելադրանքին տակ եւ  զօրաւոր ձգտում ունէին ազատագրուելու Խորհրդային Միութեան կապանքներէն։ Յիշարժան է, թէ 1956 թուականի Հունգարիոյ ապստամբութիւնը ճնշուած էր խորհրդային զօրքերուն ուղղակի մասնակցութեամբ, 1968 թուականի Չեխոսլովաքիոյ ազատական ելոյթներուն՝ Վարշաւիայի պայմանագրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու հռասայլային զօրամիաւորները հակադարձած եւ մտած էին Բրակ, աւելի ուշ 1981-ին խստօրէն ճնշուած էին Լեհաստանի աշխատաւորներու ելոյթները։ 
10.- Միւս կողմէ, ընկերաբանական մօտեցումով, համաշխահայնացումը կը նկատուէր աշխարհի երրորդ յեղաշրջումը, երկրագործական եւ ճարտարարուեստական յեղաշրջումներէն ետք։ Ճարտարագիտական յեղաշրջում մը, որ երկրի մը քաղաքական, ընկերային, բարոյական ըմբռնումները փոփոխութեան ենթարկելով, կրնայ բարիք ըլլալ եւ հաւասարապէս չարիք։ Ուրեմն համաշխարհայնացումի ազդեցութիւնները դրական թէ ժխտական, իւրաքանչիւր երկրի պարագային սկսան դիտուիլ տարբեր արդիւնքներով, տրուած ըլլալով որ միանշանակ հետեւանքներ չէր կրնար ունենալ։ Դրական առումով, թէկուզ տեսական, ընդհանրապէս ընդունուած էր, որ համաշխարհայնացումը հսկայ ոստում մըն էր դէպի միաւորեալ աշխարհ մը, «տիեզերական մեծ գիւղ մը», իբրեւ նոր հանգրուան մը մարդկային քաղաքակրթութեան զարգացման ճամբուն վրայ, ուր բոլոր ժողովուրդները իրենց ներդրումը կ’ունենային, իրարու կը մերձենային, իրարու հետ հաղորդակցութեան մէջ կ’ըլլային, համաշխարհային խնդիրները բոլոր ազգերը իրարու միացնող ազդակ կը դառնային, կը կիրարկուէին գիտութեան, ճարտարագիտութեան նուաճումները, առողջապահական նորագոյն դիւրութիւնները, հաղորդակցութեան արդիական ցանցերը, որոնք կը ծառայէին քաղաքականութեան, տեղեկատուութեան, ընդհանուր զարգացման, մարդկային իրաւունքներու հետապնդման, միաժամանակ կը բարձրանար մարդկային ընկերութեան կարգ մը խաւերու կենսամակարդակը։ Փոխադարձաբար, ժխտական արդիւնքներէն նկատուած էին անիրաւահաւասարութիւնը, անարդարութիւնը, հարստութեան անհաւասար կուտակումը, հազուագիւտ նիւթերու մսխումը, տկար ժողովուրդներու ստրկացումը՝ տնտեսականօրէն հարուստ եւ ռազմականօրէն զօրաւոր ժողովուրդներու կողմէ, աղքատ երկիրներու պարտքերու կուտակումը, անգործութեան անհամեմատ աճը, մարդկային, մշակութային, ընկերաբարոյական արժէքներու նահանջը, ճարտարագիտութեան բարիքներուն անսանձ առեւտուրը, աժան ձեռավարձքի օգտագործումը, որուն աղբիւրը երրորդ աշխարհի (Third World) ժողովուրդներն են, եւ շարք մը երկիրներու հզօրացումը ի հաշիւ ուրիշ երկիրներու։
11.- Թէեւ տակաւին կանխահաս է, սակայն ըստ վերլուծաբաններուն, Ռուսաստանի Դաշնութիւն-Ուքրանիա տագնապը, որ գերազանցապէս տնտեսական հիմք ունի, այսօր խախտած է համաշխարհայնացումի տիրապետող դրոյթները, որուն արդէն կանխած էր դարադարձի աշխարհաքաղաքական, տնտեսական, մշակութային նոր պայմաններու հարթակին վրայ՝ ասիական ցամաքամասի տակաւ բարձրացող կարեւորութիւնը, միանշանակ շեշտելով հարաւ-կովկասեան ճակատի բուռն դերակատարութիւնը, ուր տիրող վերիվայրումներէն անմասն պիտի չմնար նաեւ Երկիր դրախտավայր Հայաստանն ու հայկական Արցախը՝ քաղաքականապէս եւ տնտեսապէս։ 
12.- Ս. Պատարագ մատուցուած է Ս. Էջմիածնի մէջ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցած է Ապրիլեան Նահատակներու յիշատակին, 1965-ի Հոկտեմբեր 31-ին Ս. Էջմիածնի շրջափակին մէջ կանգնած է Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթող-խաչքար։
13.- Թշնամին համարձակած էր 2016-ին «ակնթարթային պատերազմ»-ի դիմել, նոյնպէս՝ 2020-ին։