ԻՆՉՊԷ՞Ս ՕԳՆԵԼ ՁԵՐ ԶԱՒԿԻՆ ՅԱՂԹԱՀԱՐԵԼՈՒ ԻՐ ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Մանուկներու թէ պատանիներու կեանքի անյաջողութիւններու կամ ձախողութիւններու պահերուն, ծնողներուն սէրն ու գուրգուրանքը  պատանիներուն ինքնավստահութիւնը կը զարգացնեն:
Երեխային աճման շրջանին անհրաժեշտ է գիտակցիլ, որ պատանեկութեան տարիները երեխայի կեանքին ամենակարեւոր տարիներն են:
Այս ժամանակահատուածին է, որ պէտք է նրբութեամբ  վարուիլ անոր հետ:
Պատանեկութեան տարիներուն  անոնք կրնան այլազան ձախողութիւններու  հանդիպիլ` դպրոցի, ակումբի, յարաբերութիւններու կամ որեւէ այլ ոլորտի մէջ:
Նման պարագաներու, ծնողները պէտք է աջակցին եւ օգնեն անոր, որպէսզի կարենայ յաղթահարել ձախողութիւնը:
Հարկ է նման պարագաներու նկատի առնել քանի մը կարեւոր խորհուրդ.
Առաջին քայլը, զինք խրախուսելն է:
Ուշադրութեամբ լսեցէք ձեր երեխային եւ թոյլ տուէ՛ք անոր ըմբռնել, որ առանձին չէ, եւ դուք իրեն պիտի աջակցիք անպայման:
Ժամանակ յատկացուցէ՛ք ձեր երեխաներուն լսելու: Եթէ անոնց կեանքին մէջ որեւէ հետընթաց նկատէք (օրինակ, եթէ քննութեան ցած գնահատանիշ ապահոված ըլլայ ան), ժամանակ յատկացուցէ՛ք, լսեցէ՛ք եւ աջակցութիւն առաջարկեցէք անոր:
Նոյնիսկ եթէ ձեր զաւակը դեռ մտադիր չէ խօսելու եւ իր զգացուները յայտնելու, պարզապէս անոր կողքին եղէ՛ք եւ կարեկցանք ցոյց տուէ՛ք:
Ձախողութիւնը երբեք աղէտի մի՛ վերածէք: Եթէ ձեր զաւակը այդպէս մտածէ, ինքնավստահութիւնն ու համարձակութիւնը կը պակսին, ուստի համոզեցէ՛ք զինք որ ձախողութիւնը բնական է եւ աշխատելու պարագային կրնայ յաջողութեան առաջնորդել կրկին:
Բացատրեցէ՛ք անոր, որ ձախողութիւնը կրնայ կեանքի դասի վերածուիլ: Կարեւորը ոչ թէ այն է, թէ ի՛նչ պատահեցաւ, այլ այն, թէ ի՛նչ կրնաք սորվիլ պատահածէն:
Ձեր զաւկին հասկցուցէ՛ք, որ անյաջողութիւնը իւրաքանչիւր մարդու կեանքին մէկ մասն է եւ անհրաժեշտ է անոր զարգացումին համար:
Եղէ՛ք կարեկից, բայց նաեւ յիշեցէ՛ք, որ հիւմորով կարելի է մեղմացնել ձեր զաւկին զայրոյթը:
Մեղմացուցէ՛ք մթնոլորտը, որպէսզի ձեր զաւակը կարենայ յաղթահարել տխրութեան եւ հիասթափութեան զգացումները եւ սորվի յաղթահարել ձախողութիւնը:
Անոր ուշադրութիւնը ցրել փորձեցէ՛ք, զինք մղելով իրեն հաճելի համարուող աշխատանքներու:
Օգնեցէ՛ք անոր, որպէսզի կարենայ հանգստանալ, զուարճանալ եւ դիւրութեամբ յաղթահարել ձախողութիւնը:
Երբեք մի՛ նախատէք զինք իր ձախողութեան պարագային:
Անպատշաճ կամ կոշտ խօսքը կրնայ ճնշել ձեր զաւկին հոգեկան աշխարհին վրայ, եւ մղել զինք որ հետագային անկեղծօրէն ձեզի չյայտնէ իր ձախողութեան ու անոր պատճառներուն մասին:
Փորձեցէ՛ք անոր տալ այնպիսի խորհուրդներ, որոնք կ’օգնեն ինքնավստահ քայլերով ուղղուելու յաջողութեան:
***
Շաբթուան Միտքը
Եթէ մանուկը չի հասկնար ձեր դասաւանդութիւնը, յանցանքը ձերն է, որովհետեւ չէք կրցած հասկնալ անոր հոգին. պէտք է վար իջնել մինչեւ անոր հոգեկան աստիճանը, եւ զայն առնելով ձեզի հետ բարձրացնել:
Ընտանիքը որքան զարգացած ըլլայ, մանուկն ալ այնքան միտքի առաւելութիւններով երեւան կու գայ:
Հայ ժողովուրդի զաւակնե՛ր, դուք կարդացէ՛ք Մովսէս Խորենացի, Եղիշէ, Նարեկացի, Խաչատուր Աբովեան, Րաֆֆի, Ալիշան, Պէշիկթաշլեան եւ տեսէք, թէ ո՛վ ենք մենք:
Կոմիտաս