Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յատուկ բանագնաց Ալեքսանտր Լաւրենթեւը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը։
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական յարաբերութեան զարգացման միջոցներուն եւ տարածաշրջանային ու միջազգային վերջին զարգացումներուն շուրջ։ Այս առիթով նախագահ Ասատ շեշտեց, որ ներկայիս համաշխարհային մակարդակով բռնկած քաղաքական եւ տեղակատուական պատերազմը գագաթնակէտին հասած է։ Անոր սաստկացման լոյսին տակ բոլոր կողմերէն կը պահանջուի քաղաքական իրենց կեցուածքներուն մէջ կայուն մնալ։ Նախագահը վերահաստատեց Սուրիոյ զօրակցութիւնը Տոնպասի մէջ ռուսական զինուորական գործողութիւններուն։
Իր կարգին, Լաւրենթեւ յայտնեց, որ Ռուսիա բարձր կը գնատահէ Սուրիոյ զօրակցութիւնը Ռուսիոյ՝ Ուքրանիոյ պատերազմի սկիզբէն։ Ան շեշտեց, որ հակառակ ԱՄՆ-ի եւ անոր դաշնակիցներու ճնշումներուն, Ռուսիա եւ Սուրիա կը շարունակեն հանդէս գալ միասնական դիրքերէ։