Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան Լաչինի ճգնաժամի հարցով պաշտօնական նամակով դիմած է 30-էն աւելի երկիրներու խորհրդարաններու ղեկավարներուն եւ միջազգային խորհրդարանական կազմակերպութիւններու նախագահներուն, յայտնած են խորհրդարանէն:

Գրութեան մէջ, յատկապէս, լուսարձակի տակ առնուած է արդէն ամիսէ մը աւելի Արցախը Հայաստանին միացնող միակ ճանապարհին՝ Լաչինի միջանցքին շրջափակման հարցը:

Նամակին մէջ ըսուած է, որ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի վերահսկողութեան տակ գտնուող Լաչինի միջանցքի արգելափակումը 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ Ատրպէյճանին ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններու կոպտագոյն խախտումն է:

Անդրադարձ կատարուած է շրջափակման մէջ գտնուող արցախաբնակ 120.000 հայերուն ու նշուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդկային ճգնաժամը օրէ օր կը խորանայ:

«Առնուազն 1.100 խաղաղ բնակիչներ վերջին շաբաթներու ընթացքին մնացած են արգելափակուած մայրուղիի մէջ՝ չկարենալով վերադառնալ իրենց տուները», ըսուած է պաշտօնական նամակին մէջ: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի մէջ ժամանակաւոր ապաստան ստացած 270 անչափահասներուն, որոնց ծնողները Արցախի մէջ են:

Ազգային Ժողովի նախագահը տեղեկացուցած է նաև, որ այսօր Արցախը կ’ապրի մեկուսացման պայմաններու տակ՝ ելեկտրականական ուժանիւթի ծայր աստիճան տագնապով, առանց կեանքի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող ծառայութիւններու եւ ապրանքներու հասանելիութեան: