Հովանաւորութեամբ եւ Օրհնութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս . Աշգարեանի,
Կիրակի, 15 Յունուար 2023-ի առաւօտուն Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանը ընկերակցութեամբ թաղականութեան անդամներու՝ Ապտուլահատ Տօնապետեանի, Խաչիկ Գասպարեանի եւ Յակոբ Աւ. Սրկ. Պարսումեանի, մեկնեցաւ Հասիչէ Հովուական այցելութեամբ յիշատակելու Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։
Այնտեղ հայր սուրբը ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցաւ տեղւոյն թաղականութեան կազմին եւ Արժանապատիւ Տ. Արշակ Աւ. Քհնյ. Ալաճաճեանի կողմէ։ Այնուհետեւ հոգեշնորհ հայր սուրբն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը թափօրով ուղղուեցան եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։
Հայր սուրբը իր քարոզէն առաջ կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Հայրապետին կոնդակը, որուն մէջ կը նշուէր, որ 2023 տարին հռչակուած է ՙՙՍփիւռքի Տարի Բ.՚՚։

Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ առաջին հերթին փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր ողջոյնները եւ օրհնութիւնները։ Ապա Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ մեզ ամէն տեսակի դժուարութիւններէն հեռու կը պահէ ու Ս. Յովհաննու Կարապետին բարեխօսութիւնը խնդրելով աղօթեց, որ Ան միշտ պաշտպան ըլլայ Հասիչէի Ժողովուրդին եւ Ճեզիրէի Հայրութեան։
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէքը, որմէ ետք օրհնուած մատաղը բաշխուեցաւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին։
Յայտնենք, որ մատաղի օրհնութեան մասնակցեցան Ասորի քոյր համայնքի քահանայ հայրերը:

Բժշկհ. Մարի Մելքոն