Շաբաթ, 21 Յունուար 2023-ի միջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, պատուիրակութեամբ այցելեց Հալէպի կրօնական կալուածներու տնօրէն դոկտ. Մուհամմէտ Ռամի ալ-Ըպէյտին։ Սրբազան Հօր ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Ազգ. Վարչութեան անդամներ՝ երկրչփ. Մարալ Գալայճեան-Սեմէրճեան, տիար Գուրգէն Գալուստեան եւ տիար Արմէն Գասպարեան։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ ժողովուրդին բոլոր բաղադրիչներուն համերաշխ գոյակցութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ սերտ գործակցութեան։ Արծարծուեցան նաեւ ներկայիս տիրող կենցաղային դժուարութիւններուն առնչուող հարցեր եւ համագործակցաբար ժողովուրդին նեցուկ կանգնելու միջոցներ քննարկուեցան։

Կրօնական կալուածներու տնօրէնը անդրադարձաւ սուրիահայութեան աշխատասիրութեան, հաւատարմութեան, սերունդներ դաստիարակելու գործընթացին եւ սուրիական հայրենիքի վերականգնումին ի նպաստ բերած գործօն մասնակցութեան։

Սրբազան Հայրը, թեմի ժողովականութեան եւ ժողովուրդին անունով բարեմաղթութիւններ փոխանցեց կրօնական կալուածներու տնօրէնին, մաղթելով արեւշատ եւ բարգաւաճ օրեր՝ սուրիական հայրենիքին եւ բարօրութիւն՝ Սուրիոյ ժողովուրդին։