19 Յունուարին Եւրոպական Խորհրդարանը իր լիագումար նիստին ընդունած է «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Շրջափակման Մարդկային Հետեւանքները» վերտառութեամբ բանաձեւ, որով խորհրդարանը արձանագրած է շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկային հետեւանքները։ Եւրոպական Խորհրդարանը Ատրպէյճանին յորդորած է յարգել ու իրականացնել 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ անյապաղօրէն վերաբանալու Լաչինի միջանցքը։ Բանաձեւով քննադատուած է ատրպէյճանական իշխանութիւններու հայութեան նկատմամբ խտրական հռետորաբանութիւնը, ինչպէս նաեւ կարեւոր համարուած է առանց նախապայմաններու եւ ԵԱՀԿ Հելսինքեան Եզրափակիչ շարժումին հիման վրայ բանակցութիւններու վերսկսումը։ Եւրոպական Խորհրդարանը նաեւ կարեւոր համարած է Լեռնային Ղարաբաղ միջազգային կազմակերպութիւններու մուտքն ու տեղւոյն մարդկային առաքելութիւններու իրականացումը, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղած է Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան աշխուժօրէն ներգրաւուած ըլլալու բանակցութիւններուն մէջ եւ ապահովելու, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները այլեւս չհանդիսանան Պաքուի գործողութիւններուն պատանդը։ Անդրադառնալով Եւրոպական Խորհրդարանի կողմէն յիշեալ բանաձեւի ընդունումին՝ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան յոյս յայտնած է, որ այս գործընթացը պիտի յանգեցնէ Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմիններու վրայ ճնշումին, որպէսզի իրենց հերթին ճնշեն Ատրպէյճանին՝ վերջ տալու իր վարած ցեղային զտման քաղաքականութեան եւ վերադառնալու խաղաղ բանակցութիւններու՝ ԵԱՀԿ Հելսինքեան եզրափակիչ շարժումի հիմնարարար սկզբունքներու հիման վրայ։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
19.01.2023թ