Հայաստան Ատրպէյճանին դէմ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարան ներկայացուցած է ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման միջազգային համաձայնութեան մեկնաբանութեան եւ կիրառումին համար յուշագիր: Միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան Թուիթըրի իր էջին գրած է, որ փաստաթուղթը մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ Ատրպէյճանի կողմէն այդ համաձայնութեան կոպիտ խախտումները տասնամեակներ շարունակ: Այլ մանրամասնութիւններ պաշտօնեան չէ նշած։