Եւրոպական Միութեան խորհուրդը Երկուշաբթի, 23 Յունուարին համաձայնութիւն գոյացուցած է Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններու մէջ քաղաքացիական առաքելութեան (ԻԵՈՒՄԱ) ստեղծման:
«Առաքելութեան նպատակն է նպաստել կայունութեան, այդ շրջաններուն մէջ ամրապնդել վստահութիւնը եւ պայմաններ ապահովել Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար», նշուած է Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի հաղորդագրութեան մէջ։

«Հայաստանի մէջ առաքելութեան ստեղծումը Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան ներգրաւման նոր փուլի մեկնարկը կ՛ազդարարէ: Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ լարուածութեան թուլացման ջանքերուն` յանձնառու ըլլալով աշխատիլ երկու կողմերուն հետ` որպէսզի շրջանին մէջ յարատեւ խաղաղութիւն հաստատուի», յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել:
«Արձագանգելով Հայաստանի պահանջին` քաղաքացիական առաքելութիւնը կանոնաւոր հիմունքներու վրայ հսկողութիւն պիտի իրականացնէ` տեղեկութիւններ հաղորդելով իրավիճակի մասին, ինչ որ պիտի մեծցնէ Եւրոպական Միութեան իրազեկման մակարդակը: Առաքելութիւնը նաեւ պիտի աջակցի Եւրոպական Միութեան Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հովանիին ներքեւ ընթացող բանակցային գործընթացին», նշուած է Եւրոպական Միութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Եւրոպական Միութեան խորհուրդը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ առաքելութեան երկու տարուան լիազօրութիւն տրուած է, անոր կեդրոնատեղին պիտի գտնուի Հայաստանի մէջ:
«Քաղաքացիական գործողութիւններու հրամանատար նշանակուած է Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան քաղաքացիական ծրագրաւորման բաժանմունքի ղեկավար Սթեֆանօ Թոմաթը», կը տեղեկացնէ Եւրոպական Միութիւնը` աւելցնելով, որ Հայաստանի մէջ դիտորդներու գործողութիւններու համակարգող պաշտօնեայի անունը յայտնի պիտի դառնայ մօտ ապագային:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար ղեկավար Արարատ Միրզոյեան ողջունած է Եւրոպական Միութեան այս որոշումը, պատրաստակամութիւն յայտնած է համագործակցելու առաքելութեան հետ եւ աջակցելու անոր գործունէութեան։