Իտլիպի հարաւային արուարձանին մէջ սուրիական բանակը ձախողութեան մատնեց «Ճապհաթ ալ Նուսրա»-ի ենթակայ «Ինղիմասիին» կոչուած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորուման մղած զինուորական գործողութիւնը։ Իտլիպի մէջ «Ուաթան Անլայն»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ երկարատեւ բախումներէ ետք, սուրիական բանակը դէմ դրաւ յարձակումին, իսկ ահաբեկիչներուն շարքին մէջ նիւթական բազմաթիւ վնասներ, ինչպէս նաեւ 12 մեռեալ եւ վիրաւորներ արձանագրուեցան։