24 Յունուար 2023-ին Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը (այսուհետեւ՝ ԱԳՆ) յայտարարած է Լաչինի միջանցքը Ատրպէյճանի կողմէն վերահսկուող ճանապարհի վերածելու անթոյլատրելիութիւնը։ «Եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները միակողմանիօրէն վերանայելու եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած կարգավիճակ ունեցող Լաչինի միջանցքը բացառապէս մարդասիրական փոխադրումներու համար Ատրպէյճանի կողմէն վերահսկուող ճանապարհի վերածելու Պաքուի փորձերը անօրինական են եւ պէտք է մերժուին», ընդգծած է Արցախի ԱԳՆ-ը: Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ վերջին շրջանին ատրպէյճանական իշխանութիւնները յաճախակիօրէն դիմած են 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան՝ Լաչինի միջանցքի գործունէութեան վերաբերող 6-րդ կէտի կամայական մեկնաբանումին: «Սեփական քաղաքական օրակարգը առաջ մղելու նպատակով՝ Ատրպէյճան, փակելով Արցախը Հայաստանին ու արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհը, արդէն աւելի քան 40 օրէ ի վեր պատանդ պահած է Արցախի ողջ բնակչութիւնը եւ ստեղծած է լուրջ մարդկային ճգնաժամ։ Ատրպէյճան դիմած է տարատեսակ շահարկումներու՝ փորձելով քօղարկել Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ իր անմարդկային քաղաքականութիւնը։ Մասնաւորապէս, ռուս խաղաղապահներուն եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին պատկանող ճանապարհային միջոցներու երթեւեկութեան մասին տուեալները ատրպէյճանական իշխանութիւնները կը ներկայացնեն իբրեւ մարդկային ճգնաժամի եւ շրջափակման բացակայութեան ապացոյց», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։ Արցախի ԱԳՆ-ն շեշտած է, որ միջազգային հանրութիւնը մոլորեցնելու միտող ատրպէյճանական կեղծարարութիւնները հերքուած են փաստերով։ «Նախ՝ Լաչինի միջանցքի փակման 43 օրուան ընթացքին ավելի քիչ երթեւեկութեան միջոցներ անցած են, քան մինչեւ շրջափակումը՝ մէկ օրուան ընթացքին: Այդ բոլոր երթեւեկային միջոցները կը պատկանէին Կարմիր Խաչ Միջազգային Կազմակերպութեան կամ ռուս խաղաղապահներուն։ Արցախի բնակիչներու երթեւեկային միջոցները չեն անցած միջանցքով։ Երկրորդ՝ Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով դադրած է երկու ուղղութիւններով ուղեւորաշրջանառութիւնը։ Նոյնիսկ ռուս խաղաղապահները՝ Հայաստանէն Արցախ երեխաներ տեղափոխող մեքենան կեցուցած են, իսկ ուղեւորները ատրպէյճանցիներու կողմէն ենթարկուած են նպատակաուղղուած հոգեբանական ահաբեկումի։ Երրորդ՝ ամբողջութեամբ դադրած է սպառողական ապրանքներու ներմուծումը, որ կը կազմէր օրական աւելի քան 400 թոն։ Արցախի շրջափակումը ոչ միայն կը յանգեցնէ շտապ օգնութեան ապրանքներու եւ դեղորայքի սղութեան, այլեւ հազարաւոր մարդոց կը զրկէ աշխատանքէն եւ ապրուստի միջոցներէն։ Աւելին, բացի Արցախի ցամաքային շրջափակումէն, Ատրպէյճան նաեւ ելեկտրականութեան շրջափակում կ’իրականացնէ՝ նպատակ ունենալով ալ աւելի վատթարացնել մարդկային իրավիճակը։ Ատրպէյճան կը շարունակէ դիտաւորեալ խոչընդոտել Արցախի կազամատակարարումը եւ Հայաստանէն եկող Գորիս-Ստեփանակերտ միակ բարձրավոլթ գիծին՝ իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող հատուածի վերականգնումը, ուր 9 Յունուարին վթար տեղի ունեցած է», յիշուած է յայտարարութեան մէջ։ Ատրպէյճանի պնդումը՝ Լաչինի միջանցքէն անցնող երթեւեկային միջոցները կանգնեցնելու եւ բեռներու զննում կատարելու իր իրաւունքի մասին, բացարձակապէս անհիմն է, նշած է Արցախի ԱԳՆ-ն՝ դիտել տալով, որ եռակողմ յայտարարութեան մէջ կը բացակայի բեռներու փոխադրման որեւէ սահմանափակում ըստ անոնց բնոյթին, նշանակութեան կամ կիրառումին։ Լաչինի միջանցքի նկատմամբ Ատրպէյճան ունի միայն մէկ պարտաւորութիւն՝ ոչ մէկ ձեւով չխոչընդոտել տեղաշարժը։ «Եռակողմ յայտարարութեան տակ Ատրպէյճանի նախագահի ստորագրութիւնը Ատրպէյճանի ակնյայտ համաձայնութիւնը ընդունած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զպրակազմի բացառիկ վերահսկողութիւնը Լաչինի միջանցքին նկատմամբ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ։