«Անորոշութիւններով ու տագնապներով լեցուն Սփիւռքի ներկայ  իրավիճակը, մեր ղեկավար մարմիններն ու մտաւորականները պէտք է մղէ իրապաշտ ոգիով ու պատասխանատու մօտեցումով տագնապելու, մտածելու, քննելու, խորհրդակցելու, Սփիւռքի ներկան վերակազմակերպելու եւ ապագան հունաւորող ճամբաներ ու միջոցներ որոնելուց» (Արամ Ա. Կաթողիկոս):
ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. շնորհազարդ եւ ազգընտիր Հայրապետը 9 Յունուար 2022-ին իր «մատը վէրքին վրայ» դնելով, 2022 տարին խորագրեց «Սփիւռքի Տարի»: Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին Գահակալը երկու բառերու մէջ ամփոփեց  ու մեր աչքերուն առջեւ դրաւ 1915-2022 եւ մանաւանդ՝ 2019-2022 տարիներուն միջեւ երկարող հայ ազգին աննախադէպ ճգնաժամը, ծո՜վ կարիքները, բազմազան մտահոգութիւնները, անքուն պահող հարցերը, մայրենիին դիմագրաւած վտանգները, հայ մշակոյթին բազմաթիւ մարտահրաւէրները… եւ դեռ ինչե՜ր ու ինչե՜ր: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ազգասէր կաթողիկոսը 2022 տարին «Սփիւռքի Տարի» հռչակելով շտապ արթնութեան կոչ ուղղեց աշխարհի չորս ծագերուն կայք հաստատած հայութեան՝ Սփիւռքին: Վեհափառը սթափումի ձա՛յն հանդիսացաւ մրափող ու խոր թմբիրի մէջ ընկղմած սփիւռքահայութեան:
Ես անձամբ, նախ իբրեւ Դպրեվանքի աշակերտ, ապա իբրեւ Կիլիկեան ուխտի միաբան, տեսայ, լսեցի ու զգացի Սփիւռքին բարօրութեան համար վեհափառ հայրապետին ապրած ամէնօրեայ տագնապներն ու ցաւերը: Այս առումով հարկ է յիշել Դպրեվանքի ներկայ տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանին հետեւեալ խօսքը. «Պիքֆայայի վեհարանին գրասենեակին լուսամուտը միշտ բաց է, իսկ լոյսը՝ վառ: Անձնապէս չեմ գիտեր ե՞րբ եւ ո՞ր ժամուն կը մարի: Սակայն գիտեմ, որ այդ սենեակէն ներս տագնապը կ’եռայ, որպէսզի ձայն դառնայ, իսկ ձայնը՝ պատգամ, պատգամն ալ՝ յոյս»:
Սփիւռք բառը մեր դիմաց կը դնէ հաստափոր եւ մեծածաւալ արդի Հայոց Պատմութեան հատոր մը, որ հայաբոյր է, առլցուն է ազգասիրութեամբ, հայրենասիրութեամբ եւ հայու արդա՛ր քրտինքով: Հատոր մը, ուր ամէն հայ իր անձին հետ կը հանդիպի: Հատոր մը, որ անցեալին, ներկային եւ ապագային կողմնացոյցն է:
Յաճախ մեր հայ իրականութեան մէջ կայ այն մտածելակերպը, թէ սփիւռքահայութիւնը հայութեան լուսանցքին վրայ գտնուող իրականութիւն մըն է: Ո՛չ եւ հազա՛ր ոչ: Սփիւռքահայութիւնը միշտ եղած է ու է հայութեան տրոփող ՍԻՐՏը եւ անսակարկելի ԿԵԴՐՈՆը: Ես այսպէս սորվեցայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ ու այսպէս ալ կը հաւատամ:
Սփիւռքահայութիւնը դարեր շարունակ իր «զաւակներուն բերանէն կտրելով»  տուաւ հայրենիքին: Այսօրուան պէս կը յիշեմ, թէ ինչպէս պատանութեանս տարիներուն դրամահաւաքներ կը կազմակերպուէին Հայաստանին եւ մասնաւորապէս Արցախին համար: Սփիւռքահայ հայրենասէրներ սիրայօժար ու սրտաբաց կերպով իրենց փոքր լուման կը դնէին հայութեան գանձանակին մէջ՝ յուսալով, որ իրենց հայրենիքը առաւե՛լ ծաղկուն, առաւե՛լ գեղուն եւ առաւե՛լ կանգուն պիտի տեսնեն: Սա պահուն միտքիս մէջ կու գան Հեթանոսաց Առաքեալին՝ Պօղոսին, հետեւեալ խօսքերը. «Իւրաքանչիւրը թող տայ՝ նայած իր սիրտի յօժարութեան…  որովհետեւ Աստուած զուարթառատ կերպով նուիրողը կը սիրէ» (Բ. Կորընթացիներուն 9. 7):  Բիւր յարգանք ձեզի, ո՜վ ազգասէր հայորդիներ:
Սփիւռքահայութիւնը միայն նիւթական նուէրներ չընծայեց մեր զոյգ հայրենիքներուն, այլ՝ հայրենասիրութի՛ւն, մշակո՛յթ եւ արի՛ւն:
Դարերու ընթացքին Սփիւռքը դարձաւ այն վայրը, ուր հայրենասիրութիւնը առատօրէն կը հայթայթուէր: Սերունդներ աճեցան Ուիլիըմ Սարոյեանի հետեւեալ խօսքով. «Ձեզմէ շատեր պիտի այցելեն ամբողջ աշխարհ, պիտի տեսնեն շատ գեղեցիկ եւ անուշ տեղեր ու պիտի հասկնան, որ աւելի գեղեցիկ ու անուշ տեղ չկայ, քան հայրենիքը»: Մանկապարտէզի օրերէս մինչեւ դպրեվանքեան տարիներս միշտ Արարատ լեռը, եռագոյն դրօշը եւ ՀԱՅ բառը ունեցած եմ աչքիս դիմաց: Սնած, աճած ու ապրած եմ անոնցմով:
Ամեակներ շարունակ Սփիւռքը իր դպրոցներով եւ յատկապէս Դպրեվանքով, պատրաստեց հայ լեզուն իւրացուցած հայորդիներ: Այսօրուան պէս կը յիշեմ, թէ ինչպէս ամէն առաւօտ Ազգ. Հայկազեան վարժարանին շրջափակին մէջ կ’երգէինք Ն. Մեզպուրեանի «Ո՜վ Մեծասքանչ Դու Լեզու» բանաստեղծութիւնը: Անոր կրկներգը յատուկ տեղ ունի սիրտիս մէջ.
«Իմ մայրենի քաղցր լեզու,
Կեա՛ց անսասան, կեա՛ց յաւէտ,
Կեա՛ց միշտ լեզուդ իմ հայկարժան,
Կեա՛ց ծաղկալից ծաղկաւէտ»:
Սերունդներ երգեցին, սիրեցին այս բառերը ու հաւատացին իրենց ըսածին:
Տարիներ շարունակ Սփիւռքը իր յատուկ ոճով ներկայացուցած է թատրոններ, պարահանդէսներ, ազգային համերգներ, գիրքի ցուցահանդէսներ եւ դեռ ինչե՜ր ու ինչե՜ր, որոնք բազմաթիւ սերունդներ դաստիարակած են հայկական մշակոյթով:
Սակայն Սփիւռքին դափնեպսակը կը հանդիսանայ ազգին ու հայրենիքին անվիճելիօրէն նուիրուելու գաղափարին սերմանումը հայուն սիրտին մէջ: Քանի՜-քանի՜ հոգեւորական թէ աշխարհական անձինք Սփիւռքէն հայրենիք փութալով իրենց անձը իբրեւ մատաղ ընծայած են, որպէսզի մեր այսօրուան հայրենիքը ապրի: Կ’արժէ թիւերն ու գնահատականները ունենալ մեր դիմաց՝ անդրադառնալու համար, որ դարերու ընթացքին սփիւռքահայութիւնը ի՞նչ տուաւ հայութեան ու հայրենիքին համար:
Այս բոլորը իմանալով մէկ բան կը հասկնանք. Սփիւռքը դարերու ընթացքին դարձաւ նոր Հայաստան մը, ուր ամէ՛ն ինչ հայկական է ու հայաբոյր:
Ի՞նչ պատահեցաւ: Ինչո՞ւ այս բոլորը հետզհետէ անցեալ կը դառնան: Ինչո՞ւ օտարին մշակոյթը աւելի սկսանք սիրել: Ո՞ւր է այսօր մեր  հայրենասիրութեան ոգին, մայրենի սուրբ լեզուին պաշտամունքը, հայ մշակոյթին կապուածութիւնը…
Այսօր սիրտի կսկիծով կը տեսնեմ մեր երբեմնի կանգուն, ծաղկուն եւ հայաբոյր Սփիւռքին յամրընթաց քայքայումը: Վտանգին սպառնալիքը կասեցնելու համար, Հայոց Հայրապետը կ’առաջարկէ. «Անորոշութիւններով ու տագնապներով լեցուն Սփիւռքի ներկայ իրավիճակը, մեր ղեկավար մարմիններն ու մտաւորականները պէտք է մղէ իրապաշտ ոգիով ու պատասխանատու մօտեցումով տագնապելու, մտածելու, քննելու, խորհրդակցելու, Սփիւռքի ներկան վերակազմակերպելու եւ ապագան հունաւորող ճամբաներ ու միջոցներ որոնելու»:
Տագնապիլ, մտածել, քննել, խորհրդակցիլ…
Ահաւասիկ լուծումը ձերբազատելու համար մեզի բաւականաչափ մօտեցած վտանգէն:
Հայոց Հայրապետին խօսքը միայն ղեկավար մարմիններուն ու մտաւորականներուն չէ ուղղուած, այլ՝ Սփիւռքի մէջ ապրող իւրաքանչիւր հայորդիի: Ամէն մէկս իր դերը ունի, որմէ պէտք չէ փախուստ տալ: Ինչպէս, որ անձ մը մեղաւոր եւ գործակից կը նկատուի, երբ ոճիրի մը ականատես ըլլայ եւ պետութիւնը չտեղեկացնէ, այնպէս ալ իւրաքանչիւր սփիւռքահայ, որ փախուստ կու տայ Սփիւռքի վերականգման գործընթացէն, մեղաւոր եւ գործակից է Սփիւռքի քայքայման:
«Սփիւռքի Տարի»-ն միայն 2022-ի նեղ սահմաններուն մէջ պէտք չէ մնայ: Վա՜յ մեզի, հազա՛ր վայ, եթէ 2023-ին «Սփիւռքի Տարի»-ն մոռնանք: Սփիւռքահայերուս համար ամէն օր պէտք է «Սփիւռքի Տարի» ըլլայ: Եթէ այդպէս չմտածենք, «Սփիւռքի Տարի»-ն պարզապէս օդին մէջ տատանող գաղափար մը կը մնայ, իսկ «դանակը մեր ոսկոր»-ին մէջ աւելի խոր կը մտնէ:
Սփիւռքը վերականգնելու համար պէտք չէ սպասենք դուրսէն մեզի «խելք տուող»-ներու կամ «օժանդակող»-ներու: Սփիւռքը Սփիւռքով միայն կարելի է վերականգնել: Այդ մէկը իրականացնելու համար պէտք է միաբանիլ, համագործակցիլ, քննել, զննել, խորհրդակցիլ եւ գործել:
Արդէն ուշացած ենք: Սթափի՛նք, միաբանի՛նք եւ աշխատի՛նք վասն Սփիւռքի փրկութեան եւ բարօրութեան:
Աղբիւր՝ «Գանձասար Բացառիկ-2023»
Առաքել Աբղ. Գատեհճեան
Միաբան Կիլիկեան Ուխտին
Անթիլիաս, Լիբանան