Թեհրանի մէջ Իրանեան Յեղափոխութեան պահակագունդի հրամանատար Հուսէյն Սալամի ընդունեց Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Մահմուտ Ապպասը։ Հանդիպումին ընթացքին հրամանատար Սալամի յայտնեց, որ Թեհրան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ սուրիական բանակի հրամանատարութեան այլազան օգնութիւններ տրամադրելու։ Ապա աւելցուց. «Բոլոր այն կողմերը, որոնք Սուրիոյ դէմ համաշխարհային պատերազմ մղեցին, այսօր անկումի սեմին են»։
Իր կարգին նախարար Ապպաս ըսաւ. «Իրանի եւ Նասրալլայի զօրակցութեամբ Սուրիոյ ժողովուրդին դիմադրութիւնն ու պայքարը թշնամիներուն յստակ ուղերձ յղեցին»։ Ապա աւելցուց. «Տարածաշրջանին մէջ ԱՄՆ-ի քաղաքականութիւնը ձախողութեան պիտի մատնուի։ Մեր թշնամիները օր ըստ օրէ կը նահանջեն։ Անոնք ջանացին սուրիական պատկերը Իրանի մէջ կրկնել եւ դարձեալ ձախողեցան, որովհետեւ Թեհրան մնաց կայուն եւ ամրակուռ»։
Ապպաս եզրափակելով յայտնեց. «Ահաբեկչութիւնը հովանաւորող պետութիւնները իրենց յանցանքը այլոց կը վերագրեն եւ անոնց ահաբեկչութեան պիտակով կը փորձեն նսեմացնել»։