– Հիմա մեռած ես, ցաւ չունիս, վախ չունիս: Խօսէ՛ ուզածդ: Ես կը գրեմ:
– Երեք եղբայրներ էինք, մեծը գնաց Արժանթին, միջնեկը՝ Քանատա, ես մնացի Հալէպ, չամուսնացայ, հոգ տարի հօրս եւ մօրս մինչեւ իրենց վերջին շունչը: Թաղեցի զիրենք: Իմանալու համար ծնողքիս դառնութիւնները եղբայրներուս հասցէին, յուսամ օր մըն ալ եղբայրներուս հետ տեսակցութիւն կ’ունենաս: Հայրս ու մայրս միշտ կ’օրհնէին զիս եւ կը պաշտէին, ես տարբեր էի եղեր միւսներէն:
Մահացայ չքաւոր: Դագաղիս յուղարկաւորները 11 հոգի էին, երեք դրացիներ, երեք պլոթի խաղընկերներ, մօրաքոյրս, իր թոռնիկը՝ նշանածին հետ, դպիր մը եւ քահանայ մը: Ոչ մէկ խօսք, ոչ մէկ արցունք, ոչ ալ սեւ փողկապ: Կարճ աղօթք մը եւ վերջ: Անջատեցին զիս աշխարհէն: Մտցուցին մութ եւ պաղ հողին տակ: Ուրախացայ, թաղումիս 11 հոգի հետեւեցան դագաղիս, ուրիշներ այդ ալ չեն ունեցած:
Յաջորդ օրը դրացիներս պատրաստ էին հանգուցեալիս հոգւոյն հոգեճաշ տալ, բայց երբ տեսած են սենեակիս մէջ հարազատներու բացակայութիւն, ստիպուեր են տանս «թանկագին» իրերը եւ առարկաները բաժնել երեքի եւ այն ալ՝ հաւասար: Դրացիներս ողջութեանս կը կարծեն եղեր, որ ես անգտանելի առարկաներ, իրեր եւ մանաւանդ պահուած ոսկի դրամներ կրնամ ունեցած ըլլալ եւ որպէսզի անվստահութեան առաջքը առնեն, երեք դրացիներս ալ համաձայնաբար եւ յուզումով ներկայ գտնուած են յուղարկաւորութեանս: Կահ-կարասիներուս բաժանումն ալ եղած է անխարդախ եւ ուրախութեամբ: Ահա քեզի դրացի:
Թաղումէս երկու օր ետք, խեղճ մօրաքոյրս բնակարանէս ներս մտնելով, կ’ապշի ամայութեան վրայ: Ան իր քրոջը կողմէ յիշատակ կ’ուզէր ժառանգել մահճակալս, որ քրոջը կը պատկանէր ինձմէ առաջ. պիտի նուիրէր զայն թոռնիկին՝ ամուսնութեան առթիւ: Այս ալ հարազատ:
Մեռնելէս ետք ամէն բան սկսայ յստակ տեսնել:
Մեծ եղբայրս մահացաւ Արժանթին, միջնեկը՝ Քանատա, ես՝ հոս:
Եղբօրս թոռնուհին, որ Զուիցերիա կը բնակի, լսելով մահս, կը հեռաձայնէ Քանատա՝ իր մեծ մօրը. «Նանի, լսեցի մեծ պապային պզտիկ եղբայրն ալ մահացած է Հալէպ, խերն անիծեմ այս աշխարհին, հայ դրացի մը իսկ չունիմ, որ միասին, ձայնակցելով կուշտ ու կուռ լանք»: Եղբօրս կինն ու թոռնիկը կէս ժամ հեռաձայնով միաբերան լացին: Ուրեմն երեւակայէ, պրն. թղթակից, թէ՛ կեանքի եւ թէ մահուան ընթացքին, մխիթարուելիք կէտեր ալ կան:
Վերջապէս հողը թեթեւ պիտի զգամ վրաս:
Զիս յիշող հարազատ լացողներ պիտի ունենամ այնքան ատեն, որ ողջ են Քանատայի եղբօրս կինը եւ Զուիցերիոյ եղբօրս թոռնուհին:
Անհոգ մնամ ու հող դառնամ:
Մասիս Արարատեան