1992_ին ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան հրամանագիրով 28 Յունուարին ամրագրուեցաւ իբրեւ Հայոց բանակի օր։

Մեր բանակը հայ ժողովուրդի հաւաքական երազանքներու եւ աննահանջ կամքի ծնունդն էր՝ անկախ պետականութիւն, արժանապատիւ խաղաղութիւն եւ անվտանգ ապագայ ունենալու երաշխիքը։

ՀՀ Զինեալ Ուժերու ձեւաւորման ակունքներուն մէջ ոչ միայն Արցախեան ազատամարտը փառքով նշանաւորուած կամաւորական տասնեակ ջոկատներու ներդրումն է, այլեւ համայն հայութեան՝ Հայոց բանակ ունենալու նուիրական երազանքը։

Կոփուելով 1992-94_ի ազատագրական հերոսական մարտերուն մէջ, անցնելով բազում փորձութիւններով՝ մեր բանակը խաղաղութիւն պարտադրեց թշմամիին եւ դարձաւ մեր տարածաշրջանը կայունացնող գործօններէն մէկը։

Ցաւօք, այսօր Հայոց բանակը ծանր ժամանակներ կ’ապրի։

Ապազգային ուժերու, ձախողած վարչախումբին եւ օտարահպատակ կառավարիչներու ազգակործան յանձնառութիւններու թիրախին մէջ՝ ազգային այլ արժէքներու կողքին, բացայայտօրէն նսեմացուած եւ կազմաքանդուած է Հայոց բանակը՝ մեր նուիրական ձեռքբերումը, մեր լինելիութեան երաշխիքը։

Այս բարդագոյն իրավիճակին, երբ թշմանիի ցեղասպանական նկրտումները ակնյայտ են, երբ կը շարունակուի Արցախի շրջափակումը, երբ խոցուած է Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, իսկ ՀՀ իշխանութիւնները կը շարունակեն երկրին մէջ ամրագրել բռնատիրութիւնը, մեր հաւաքական պարտքն է նեցուկ ըլլալ Հայոց բանակին, ըլլալ հայ զինուորի կողքին։

Միասնական կամքով, ազգային-պետական իտէալներուն ու շահերուն տէր կանգնելով, մենք պարտաւոր ենք համախմբուելու, չյանձնուելու մեզի պարտադրուող նուաստացուցիչ եւ պարտուողական քաղաքականութեան, չհանդուրժելու Հայոց բանակի դիտաւորեալ կազմաքանդումը՝ գիտակցումով, որ մեր բանակն է այս տարածաշրջանի մէջ մեր կենսունակութեան, անկախութեան եւ ապագայի երաշխիքը։

Շնորհաւոր տօնդ, Հայո՛ց բանակ, յաղթանակներ տակաւին պիտի ըլլան։

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմին
28.01.2023