Թուրքիոյ ԱՄՆ դեսպանատունը զգուշացուցած է իր քաղաքացիները Իսթանպուլի կեդրոնէն ներս ահաբեկչական յարձակումներու վտանգէն՝ ի պատասխան Եւրոպայի օտարերկրեայ քաղաքացիներուն Ղուրանը այրելուն։
«ԱՄՆ կառավարութիւնը կը զգուշացնէ իր քաղաքացիները Իսթանպուլի եկեղեցիներուն, աղօթատեղիներուն եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն վրայ կարելի եւ մօտալուտ ահաբեկչական պատասխան յարձակումներէ կամ այլ վայրերու մէջ, ուր կը յաճախեն արեւմտեան երկիրներու քաղաքացիներ: Անոնք են Պէյօղլու, Կալաթա, Թաքսիմ եւ Իսթիքլալ թաղամասերը», յայտնած են դեսպանատունէն։
Յիշեցնենք, որ Եւրոպայի մէջ` մասնաւորապէս Շուէտի մէջ վերջին շրջանին Ղուրանի հրապարակային այրելու դէպքեր գրանցուած են, ինչ որ յառաջացուցած է իսլամադաւան երկիրներու քննադատութիւնը։