Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ սկզբնականօրէն համաձայնած են որ Իրան մաս կազմէ ռուսական-սուրիական-թրքական եռակի հաղորդակցութեան։ Լաւրով աւելցուց. «Տրամաբանականօրէն, սուրիական-թրքական յարաբերութեան կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները պէտք է տեղի ունենան Ռուսիոյ եւ Իրանի միջնորդութեամբ»։