Կիրակի, 12 Փետրուարին Սուրիա հասան հետեւեալ երկիրներէ օժանդակութիւններ.

-3 բեռնատար մեքենաներ Իտալիոյ մարդասիրական օժանդակութիւնը Պէյրութի միջազգային օդակայանէն, ապա Ճտէիտէ Եապուս միջանցքէն հասցուցին Սուրիա։
-Յորդանանի գործարաններէն 28 թոն սննդամթերք կը հասնի Սուրիա։ Օժանդակութիւնը կը ստանձնէ «Ալ-Ամանա աս-Սուրիէ Լիլթէնմիէ» կազմակերպութիւնը։
-Դարձեալ Յորդանանի ընկերութիւններէն մէկուն կողմէ 3 բեռնատար սննդամթերք կը հասնի Սուրիա նոյն միջանցքէն։
-Իրաքէն Հալէպի միջազգային օդակայան կը հասնի մարդասիրական օժանդակութիւններու օդանաւ մը։
-Օմանէն Հալէպի միջազգային օդակայան կը հասնի մարդասիրական օժանդակութիւններու օդանաւ մը։
-Սուրիոյ Չինաստանի Սփիւռքը սննդեղէն, հանդերձ եւ դեղորայք կը յատկացնէ Սուրիական Կարմիր Մահիկ բարեսիրական կազմակերպութեան։
-Պէյրութէն Լաթաքիա եւ Ճէպլէ կ՚ուղղուի սննդամթերք, դեղորայք եւ հանդերձ պարունակող 4 փոխադրակառքերէ բաղկացած շարասիւն մը։
.-Պելառուսէն մարդասիրական օժանդակութեան օդանաւ մը էջք կը կատարէ Լաթաքիոյ միջազգային օդակայանին մէջ։