Շաբաթ, 25 Փետրուար 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան իր մասնակցութիւնը բերաւ քրիստոնեայ համայնքապետերու հերթական ժողովին, հիւրընկալութեամբ՝ Լատին եկեղեցւոյ Հալէպի հոգեւոր հովիւ Պահճաթ Քարաքաշ վարդապետին, «Մար Ֆրանսիս» վանքէն ներս։
Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան։

Ժողովին արծարծուեցան երկրաշարժին հետեւանքով վնասներ կրած բնակարաններուն վերանորոգութեան աշխատանքը, անօթեւան մնացած ընտանիքներուն վարձակալութեան գումար տրամադրելու ծրագիրը, ինչպէս նաեւ տուժող ընտանիքներուն օժանդակութիւն տրամադրելու անհրաժեշտութիւնը։
Համայնքապետերը աղօթեցին առ Ամենաբարին Աստուած, հայցելով խաղաղ եւ անվտանգ օրեր։