Այսօր, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ ալ-Մըքտատ հանդիպում ունեցաւ Եգիպտոսի իր պաշտօնակից Սամէհ Շուքրիի հետ, որ Սուրիա կ՚այցելէր Եգիպտոսի նախագահին եւ ժողովուրդին զօրակցութիւնը յայտնելու երկրաշարժէն տուժած Սուրիոյ պետութեան եւ ժողովուրդին։

Հանդիպումէն ետք, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Մըքտատ բարձր գնահատեց Եգիպտոսի մօտեցումը, իսկ Շուքրի շեշտեց, որ Եգիպտոս պիտի շարունակէ իր մարդասիրական օժանդակութիւնը Սուրիոյ, աւելցնելով որ Եգիպտոս նախանձախնդիր է նիր մակարդակի բարձրացնելու երկու երկիրներու պատմական յարաբերութիւնները։