«Էրմէնիհապեր».-Ստորգետնեայ ցնցումները Թուրքիոյ մէջ չեն դադրած։ Սուրիոյ սահմանակից հարաւարեւելան Հաթայ նահանգը կրկին ցնցուած է։
Թուրքիոյ արտակարգ իրավիճակներու եւ աղէտներու վարչութեան տեղեկութեան համաձայն, 6 Մարտին, լոյս 7-ի գիշերը Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքի մէջ գտնուող Հաթայ նահանգի Տեֆնէ շրջանին մէջ 4.1 ուժգնութեամբ եւ 7.4 քմ խորութեամբ երկրաշարժ տեղի ունեցած է։
Յիշեցնենք, որ 6 Մարտի  ցերեկը Հաթայ նահանգի Արսուզ շրջանին մէջ 4.1  ուժգնութեամբ եւ 7 քմ խորութեամբ երկրաշարժ  տեղի ունեցած էր: