ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականը Ուզպեքիստանի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ասիոյ ախոյեանական մրցաշարքին: Առաջին հանդիպումին կազմը 2 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնուեցաւ հիւրընկալ հաւաքականէն, իսկ երկրորդին 1 – 0 արդիւնքով զիջեցաւ Ինտոնիզիային:
– Սուրիոյ պասքեթի դաշնութիւնը յայտարարեց, որ պասքեթի բոլոր մրցաշարքերը պիտի սկսին Մարտ ամսուան 15-էն սկսեալ: Տղոց մրցաշարքին գծով դաշնութիւնը դիտել տուաւ, որ Ա. փուլի խումբերուն մաս պիտի կազմէ միայն մէկ արհեստավարժ խաղացող, իսկ աւարտական քառեակի փուլին երկրորդ արհեստավարժի մասնակցութիւնը պիտի որոշուի ակումբներուն հետ խորհրդակցաբար:
– Հոմսի Քարամէ ակումբը պաշտօնազուրկ ըրաւ ֆութպոլի խումբի մարզիչ Ահմատ Ազզամը եւ զինք փոխարինող առաջադրեց Թարէք ալ-Ճապպանը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻԿ ԱՐԹՈՒՐ ԴԱՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԿՐԿՆԱԿԻ ԱԽՈՅԵԱՆ 
Քաթարի մայրաքաղաք Տաուհայի մէջ կայացած մարմնամարզութեան աշխարհի գաւաթի խաղարկութեան 2-րդ փուլին, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Դաւթեան գերազանց մրցոյթ ունեցաւ հենացատկի եզրափակիչին  եւ նուաճեց ախոյեանի կոչումը: Հայ մարզիկը վաստկեցաւ 15.083 կէտ եւ մէկ քայլով առաջ անցաւ ուքրանացի Իկոր Ռատիվիլովէն: Երրորդ տեղը գրաւեց որակաւորման փուլի  առաջատար, ֆիլիպինցի Գառլոս Իւլօն: Յիշեցնենք, որ Արթուր Դաւթեան յաղթած էր նաեւ Կոտպուսի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի գաւաթի խաղարկութեան առաջին փուլին:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆԸ ՊԻՏԻ ՉՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ
18-29 Մարտը Մոնթենեկրոյի Պետրովաց քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ կանանց ճատրակի Եւրոպայի 2023-ի անհատական առաջնութիւնը: Ըստ մրցաշարքի պաշտօնական կայքին, առաջնութեան մասնակցելու առաջարկ ներկայացուցած են  33 երկիրներէ 138 մարզուհիներ, որոնցմէ  57-ն  կրոսմայստրներ են: Հայաստանէն  հանդէս պիտի գան 6 հոգի՝ Էլինա Դանիէլեան, Լիլիթ Մկրտչեան, Աննա Մ. Սարգսեան, Մարիամ Մկրտչեան, Սուսաննա Գաբոյեան եւ  Պոլինա Կոպակ։ Հայաստանի 2023-ի ախոյեան  Մարիա Գէորգեան մաս պիտի չկազմէ սոյն մրցաշարքին, որովհետեւ ան ներկայիս կը գտնուի  Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ԼԻՎԸՐՓՈՒԼ 7 – 0 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ՅԱՂԹԵՑ ՄԱՆՉԵՍԹԸՐ ԻՒՆԱՅԹԸՏԻՆ
Անգլիոյ առաջնութեան 26-րդ փուլին փոխախոյեան Լիվըրփուլ «Էնֆիլտ» մարզադաշտին մէջ  ընդունեց Մանչեսթըր Իւնայթըտը:  Գերմանացի Իւրկէն Կլոպի գլխաւորած խումբը տպաւորիչ յաղթանակ տանելով 7 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց մրցակիցը: Կրկնակի կոլերու հեղինակներ դարձան  Յարձակողներ՝ հոլանտացի Կոտի Գակպոն, ուրուկուէյցի Տարուին Նունիէս եւ եգիպտացի Մուհամմէտ Սալահ։
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան