Ատրպէյճանական կողմը հերթական անգամ արգելափակած է Հայաստանէն դէպի Արցախ կազամատակարարումը, 10 Մարտին ուշ երեկոյեան յայտարարած է «Արցախկազ» ընկերութիւնը՝ յորդորելով բնակիչներուն խստիւ հետեւիլ անվտանգութեան կանոններուն։

Արդէն շուրջ երեք ամիս Ատրպէյճանը բնապահպանական պատրուակով փակ պահած է Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը՝ Լաչինի միջանցքը։ Շրջափակումէն մէկ ամիս անց Ատրպէյճանը սկսաւ պարբերաբար փակել, ապա մասամբ բացած է Հայաստանէն Արցախ մտնող միակ կազատար խողովակը։ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանը, 22 Փետրուարի որոշումով, պարտաւորեցուց Ատրպէյճանին բանալ Արցախը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհը։ Լա Հէյի դատարանը, սակայն, մերժեց Հայաստանին միւս պահանջը՝ պարտաւորեցնել Ատրպէյճանին անյապաղօրէն վերականգնելու բնական լազի անխափան մատակարարումը՝ յայտնելով, թէ բաւարար ապացոյցներ չեն ներկայացուած, որ Ատրպէյճանը կը խաթարէ մատակարարումը։

Դատարանի որոշումէն օրեր անց, կառավարութեան նիստին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց՝ Լեռնային Ղարաբաղին կազ մատակարարող խողովակի փականը կը գտնուի Հայաստանի համար ոչ հասանելի տեղ եւ անհերքելի ապացոյցներ իսկապէս Հայաստանը չի կրնար ներկայացնել, «բայց այն պահուն, երբ մենք պիտի կարենանք ձեռք բերել ուղղակի ապացոյցներ, այդ հիմքով պիտի կարենանք դարձեալ դիմել դատարան»։