Որքան ճիշդ ըսուած է, թէ կեանքը փորձութիւններով լեցուն է, իսկ իւրաքանչիւր փորձութիւն դաս մը կու տայ մեզի։
Երկրաշարժն ալ նոյնն էր։ Սթափեցման ահազանգ մըն էր կարծէք, որ սորվեցուց մեր ունեցածով գոհանալ ու փառք տալ, գնահատել ու պահպանել զայն։
Մարդիկ այնքան նիւթապաշտ դարձած էին, որ շատերու համար կեանքի  ամենակարեւոր բանը դրամն էր, ոմանց համար ալ արդն ու զարդը, սակայն երբ պատահեցաւ անսպասելին՝ մեր եւ մեր ընտանիքին փրկութենէն, մեր հոգիները ազատելէն զատ բան չմտածեցինք։ Այդ պահուն ո՛չ դրամը կարեւոր էր, ո՛չ փաստաթուղթերը, ոչ ալ զարդեղէնը։
Այս փորձութիւնը մեզի սորվեցուց ոչ մէկ ընկերէ նեղացած մնալ, ամրացուց կապը նոյնիսկ ոխակալ ընկերներու, դրացիներու, ընտանիքներու միջեւ։ Թէեւ գիտէինք, սակայն աւելի համոզուեցանք, որ մեզի հետ ոչ մէկ բան կրնանք տանիլ դէպի յաւիտենական կեանք, միայն մեր բարի համբաւը, անունը կը յիշուի, ուրիշ՝ ոչ մէկ բան…
Երբեմն կը մտածէի, թէ մարդիկ այնքան նիւթապաշտ եղած են, որ հազիւ ցնցում մը կրնայ դարձի բերել եւ ուղղել զիրենք։ Արարի՞չը զայրացաւ, թէ բնութիւնը բարկացաւ…։  Այսպիսի ցնցում չէի ակնկալեր։ Այլ ցնցում մը, հաւանաբար դաստիարակիչ ցնցում մը, որ արթնցնէր մեզ մեր քնացած վիճակէն, որ աւելի մարդկային, մաքրակենցաղ կեանք մը ապրէինք։
Կ’երեւի Աստուած աւելի լաւ գիտէ, թէ ո՛ր ձեւն է ճիշդ եւ անոր հիման վրայ փորձութեան ենթարկելով փրկեց մեզ։
Յոյսով եմ, որ յառաջիկայ օրերը աւելի պայծառ եւ սպիտակ ամպերով զարդարուած երկինք մը կը պարգեւեն Հալէպին, իսկ մենք նոր ու խաղաղ կեանք մը կ’ապրինք։
Բալիկ Խրոյեան