Այսօր՝ Երկուշաբթի, 27 Մարտ 2023-ին, Դամասկոսի մէջ, Սուրիոյ, Յորդանանի, Իրաքի եւ Լիբանանի գիւղատնտեսութեան նախարարները քառակի փոխըմբռնման յուշագիր մը ստորագրեցին՝ չորս երկիրներուն միջեւ գիւղատնտեսական գործակցութիւնը զարցացնելու եւ առեւտրական փոխանակումները ամրապնդելու նպատակով։

Յուշագիրը ընդգրկեց գիւղատնտեսական գործակցութիւն՝ բուսական եւ անասնական ճիւղերով, գիւղատնտեսական առումով փորձառութիւններու եւ մասնագիտութիւններու փոխանակում, անտառներու մէջ բռնկած հրդեհներու դէմ ծրագիրներ, գիւղերու բարգաւաճման ծրագիրներ, գիւղատնտեսական արտադրութեան բարելաւում, անասնաբուժութեան պիտոյքի զարգացում եւ այլն։