Ուրբաթ, 31 Մարտ 2023-ի միջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Բերիոյ Հայոց Թեմի «Գանձասար» պաշտօնաթերթի վարչութիւնն ու խմբագիրը։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, վարչութեան ատենապետ Զաւէն Պարսումեան անդրադարձաւ «Գանձասար»-ին ունեցած կարեւոր դերակատարութեան՝ սուրիահայ համայնքին ճշգրիտ պատկերը ներկայացնելու առումով։
Արծարծուեցան ներկայ մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները։
«Գանձասար»-ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան յայտնեց, թէ Սուրիոյ թէ՛ պատերազմի տարիներուն եւ թէ ներկայ օրերուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի «Գանձասար» պաշտօնաթերթը հրատարակուող միակ թերթը ըլլալով, սուրիահայութեան ձայնը հայաշխարհին հասցնող վաւերական աղբիւր կը հանդիսանայ՝ իր տպագիր եւ առցանց տարբերակներով, ապա ներկայացուց երիտասարդ լրագրողներ պատրաստելու խմբագրութեան ծրագիրը։

Սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւնները տուաւ ու դրուատիքով անդրադարձաւ «Գանձասար»-ի կարեւորութեան եւ բարձրօրէն գնահատեց թերթի Վարչութիւնն ու խմբագիրը, որոնք մասնագիտական լուրջ մօտեցումով, օրական դրութեամբ լրատուական աշխատանք կը տանին, եւ այս առիթով բարեյաջող եւ արգասաբեր գործունէութիւն մաղթեց անոնց։

Այս առիթով խմբագիրը «Գանձասար Բացառիկ-2023»-էն օրինակ մը նուիրեց սրբազան հօր։