Սուրիական ալ-Ուաթան թերթին համաձայն, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին 3 Մայիսին կը ժամանէ Դամասկոս:
Այցելութեան ընթացքին ան բանակցութիւններ կը վարէ իր սուրիացի գործընկեր Պաշար ալ-Ասատի հետ:

Կը յիշուի, որ ասիկա 2010-էն ի վեր Իրանի նախագահին առաջին այցելութիւնն է Սուրիա։

Աղբիւրներու համաձայն, Ռայիսիի այցելութիւնը կը տեւէ երկու օր։ Այդ օրերուն ընթացքին տեղի կ՚ունենան Իրանի և Սուրիոյ նախագահներու պաշտօնական բանակցութիւնները երկու երկիրներու միջև ռազմավարական համագործակցութեան ամրապնդման շուրջ, յատկապէս տնտեսական ոլորտին վերաբերեալ:

Թերթին համաձայն, Իրանի նախագահի այցելութեան ընթացքին, Իրանի և Սուրիոյ միջև կը ստորագրուին տնտեսական ոլորտին վերաբերող մեծաթիւ համաձայնագրեր և փոխըմբռնման յուշագրեր: