Կազմակերպութեամբ համազգայինի «Լ.Շանթ» Մասնաճիւղի Վարչութեան, մասնակցութեամբ ՍԵՄ-ի «Դրօշակ» Մասնաճիւղի, ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի Մասնաճիւղի, Պատանեկան Միութեան «Ռոստոմ» Մասնաճիւղի եւ ՍՕ Խաչի «Էրեբունի» Մասնաճիւղի վարչութեանց, Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցի ոգեկոչում, Երկուշաբթի, 24 Ապրիլ, 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ահարոնեան» կեդրոնէն ներս։

Արարողութեան ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ համայնքի ժողովրդապետ Գերպ. Տէր Գէորգ Վրդ. Պահէեան, «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան ներկայացուցիչն ու անդամները, Ազգ.Միացեալ Ճեմարանի Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչն ու տնօրէնուհին, մարզական, մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ, հիւրեր եւ հայորդիներու հոծ բազմութիւն մը։

Ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին Հայոց Ցեղասպանութեան, հայրենիքի ու Արցախի նահատակներուն յիշատակը, ապա ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կատարողութեամբ հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեանց քայլերգները։

Համազգայինի Վարչութեան խօսքը արտասանեց Սոնա Անտրեան, դիտել տալով, որ Ցեղասպանութիւնը ո՛չ միայն մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակման օրն է, այլ՝ հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ պահանջատիրութեան ուխտի վերանորոգման օր:

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան խումբ մը երիտասարդներ։ Այսպէս՝ Միրելլա Խալիլ տպաւորիչ առոգանութեամբ արտասանեց Պարոյր Սեւակի «Մենք Քիչ Ենք, Բայց Հայ Ենք», իսկ Սէրլի Առաքելեան իւրայատուկ ոճով ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Սասունցիների Պարը», Արէն Սեդիկեան ջութակով նուագեց «Կամաւորին երգը»: Սերուժ Ղազարեան մեներգեց «Ատանայի Ողբը», իսկ Քրիստ Այնթապլեան «Դաժան Կռւում»-ը։

ՍԵՄ-ի «Դրօշակ» Մասնաճիւղի Վարչութեան խօսքը արտասանեց Ռիթա Մահսերէճեան։ «Ցեղասպանութեան նահատակներուն ոգեկոչումը մեր խղճի պարտքն է, մեր ազգային ինքնագիտակցութեան դրսեւորումը։ Մեր հոգին եւ միտքը իրենց խաղաղութիւնը կը գտնեն միայն այն ժամանակ, երբ մեր դատը կը գտնէ արդար լուծում», ըսաւ ու կազմակերպիչ կողմերուն անունով զօրակցութիւն յայտնեց Արցախի մեր հայրենակիցներուն, որոնք հերոսական դիմադրութիւն կը ցուցաբերեն թուրք-ազերիական բռնաճնշումներուն դէմ։

Օրուան պատգամաբերն էր հալէպէն ժամանած Պարգեւ Աւագեան։

Ան համապարփակ գիծերու մէջ անդրադարձաւ ցեղասպանութեան պատմական անհերքելի իրականութեան եւ ընդգծեց.
«Պատմութիւնը 108 տարի առաջ արձանագրեց ոճրագործութիւններուն մեծագոյնը։ Սփիւռքը արդիւնքն է ցեղասպանութեան։ Անոր կազմաւորումին յաջորդեց անհայրենիք մնացած սերունդներու ֆիզիքական գոյատեւման եւ ինքնակերտումի փուլը։ Սփիւռքահայ սերունդներու ազգային գիտակցութեան մէջ քանդակուեցան հայրենասիրութիւնն ու պահանջատիրութեան ոգին»։

Բանախօսը անդրադառնալով Հայ Դատին ըսաւ. «Հայ Դատը միայն արեան հատուցումի
խնդիր չէ, ոչ ալ բռնագրաւեալ հողերու վերատիրացումով աւարտող պայքար։ Հայ Դատը խտացումն է ողջ հայ ժողովուրդի հայօրէն գոյատեւելու եւ ազատ, անկախ եւ ապահով պետականութիւն կերտելու ու զայն պահելու իրաւունքին»։

Այնուհետեւ բանախօսը անդրադարձ կատարեց ատրպէյճանական յարձակողապաշտ քաղաքականութեան ու նկատել տուաւ, որ Արցախը կորսնցուցած է ճակատամարտ, բայց ազգովին կը հաւատանք, որ պատերազմը յաղթական կրնանք աւարտել, եթէ մեր հաւաքական ճիգը մէկտեղենք Արցախի հայկական դիմագիծը պահելու ի խնդիր։

Հանդիսութեան ընթացքին ՍԵՄ-ականներ` Արազ Պրունսուզեան եւ Միսակ Թէմիզճեան մերթ ընդ մերթ արտասանեցին լօզունգներ։ ՍԵՄ-ականները մոմավառութեան յատուկ սեղան տեղադրած էին շրջափակի մէկ անկիւնը, իսկ «Ռոստոմ» Պատանեկան Միութիւնը պատրաստած էր օրուան խորհուրդը ցոլացնող պիտակներ։

Երիտասարդները մոմերով դիմաւորեցին ժողովուրդը։ Օր մը առաջ ալ արարողութեան խորհուրդին համահունչ պատի թերթեր եւ պաստառներ զետեղած էին կեդրոնի ցուցատախտակներուն վրայ։ ՍՕ Խաչի «Էրեբունի» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը եւս մասնակցած էր ոգեկոչական ձեռնարկի կազմակերպման աշխատանքներուն։

Աւարտին ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը հնչեցուց ազգային-հայրենասիրական երգեր, ապա Հայր Գէորգ Պահէեան «Պահպանիչ» աղօթքով աւարտեց արարողութիւնը։