Իրանի նախագահ Ռաիսիի Սուրիա այցելութիւնը երկու երկիրներու յարաբերութիւններու նոր մակարդակի բարձրացման մասին կը խօսի: Մակարդակ մը, ուր անոնք տարածաշրջանին մէջ ռազմավարական դաշնակիցներ կը դառնան:

Այս այցելութիւնը նախ հաստատում մըն էր դիմադրողական ճակատին տարած յաջողութեան: Երկրորդ՝ հաստատում մըն էր, որ Միջին Արեւելքի նոր քարտէզը կեանքի կոչելու արեւմտեան երկիրներու տասնամեակէ մը աւելի տարած աշխատանքը ի դերեւ ելած է փաստօրէն, որովհետեւ Սուրիան մասնատելու ծրագիրը ձախողութեան մատնուելով՝ արաբական շարք մը երկիրներու մասնատումը անհաւանական դարձած է արդէն:

Այս այցելութիւնը նաեւ շեշտադրում մըն էր Սուրիա-արաբական աշխարհ յարաբերութիւններու բարեկարգման կարեւորութեան՝ Իրան-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններու կարգաւորման որպէս շարունակութիւն:
Տարածաշրջանը յարաբերութիւններու նոր փուլի մը ուրուագիծը կը սահմանէ: Յարաբերութիւններ, որոնք քաղաքական զարգացումներուն հետ զուգահեռաբար պիտի ընթանան:

Այս փուլին ականատեսը եղանք ու պիտի ըլլանք շարք մը երկիրներու հաշտութեանց՝ զերծ պահելու շրջանը յաւելեալ լարուածութենէ, վստահութեան մթնոլորտը վերականգնելու եւ վերջապէս յարաբերութիւնները զարգացնելով հասցնելու տնտեսական գործակցութեան մակարդակին:

Իրան-Սէուտական Արաբիա գործակցութեան մէջ Իրան իր կողքին կը տեսնէ Սուրիան, պատրաստ է սատարելու Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն եւ Սուրիոյ հետ տնտեսական յարաբերութիւնները բարձրացնելու երկու երկիրներու քաղաքական յարաբերութիւններու մակարդակին:

Սուրիա, իր կարգին, արաբական աշխարհ մուտք կը գործէ ոչ միայն պահպանելով Իրանի հետ իր յարաբերութիւնները, այլեւ ռազմավարական դաշինքի մակարդակին բաձրացնելով զանոնք:

Փաստօրէն Իրանը տարածաշրջանէն դուրս մղելու արեւմտեան շարք մը երկիրներու նկրտումները իրենց ազդեցութիւնը կորսնցուցած են: Փոխարէնը արաբական երկիրներ, Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւններու կարգաւորումը ողջունելով, տարածաշրջանին մէջ իրենց գործակցութիւնը ամրապնդելու եւ այդ գործակցութիւնը տնտեսական բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ ապահովութեան ու փոխադարձ վստահութեան ծառայեցնելու աշխատանքին պիտի լծուին յառաջիկայ շրջանին:

Պատերազմի ողջ տարիներուն, Իրան զօրավիգ կանգնեցաւ Սուրիոյ, այնպէս ինչպէս Սուրիան զօրավիգ կանգնած էր Իրանին Իրան-Իրաք պատերազմին:

Այս փուլին, Իրանի եւ Սուրիոյ նախագահներու ռազմավարական երկարաժամկէտ գործակցութեան համաձայնութեան ստորագրութիւնը պիտի ամրագրէ երկու երկիրներուն դիմադրողականութիւնը եւ զարգացնէ անոնց տնտեսութիւնը, դրականօրէն անդրադառնալով Սուրիոյ վերականգնումին, արաբական աշխարհի մէջ իր դերակատարութեան ամրագրումին, միեւնոյն ատեն պիտի նպաստէ տարածաշրջանին մէջ Իրան-արաբական աշխարհ յարաբերութիւններու զարգացման ու Իրանի, որպէս տարածաշրջանային ուժ, դերակատարութեան պահպանման: