Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ մեկնելով Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան եւ Սէուտական Արաբիոյ խորարմատ յարաբերութենէն եւ երկու ժողովուրդներուն եղբայրական կապէն, հաւատալով նաեւ արաբական երկիրներու յարաբերութիւններու ամրապնդման տեսլականին, Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը որոշեց Սէուտական Արաբիոյ մէջ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը վերսկսիլ։
Իր կարգին, Սէուտական Արաբիան եւս յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը պիտի վերսկսի։