Այսօր, Չորեքշաբթի 10 Մայիս 2023-ին, Մոսկուայի մէջ ընթացք առաւ Սուրիոյ, Ռուսիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու քառակողմ հանդիպումը։

Հանդիպման սկիզբը, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, թէ Ռուսիա յոյսով է, որ այս ժողովը կը յաջողի Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ճանապարհային քարտէզ ձեւաւորել։

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ շեշտեց, որ Սուրիոյ համար կարեւոր կը համարուին Թուրքիոյ սուրիական հողերու բռնագրաւման վերջ տալը եւ օտար, ապօրինի բոլոր ուժերուն քաշուիլը սուրիական տարածքներէն։ Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ եթէ այս իմաստով որեւէ յառաջխաղացք չարձանագրուի, շօշափելի արդիւնքի չենք հասնիր։

Նախարար Մըքտատ պարզեց Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման պայմանները, յատկապէս յիշելով Թուրքիոյ մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը, սուրիական քարիւղային հարստութիւններու թալանին դադրեցումը, երկու երկիրներուն սահմանային հսկողութեան կարգաւորումը, Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարը, անոնց ուղղուած արտաքին աջակցութեան դադրեցումը եւ յատկապէս Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը։