Այսօր յետմիջօրէին, Քեսապի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս, ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, ՀՅԴ Բիւրոյին եւ Բերիոյ Հայոց Թեմին կողմէ նիւթական օժանդակութիւն բաշխուեցաւ քեսապահայ համալսարանական ուսանողներուն։

Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչները։