Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան արաբական շրջանակի նախագահ Ուսամա Մահտի Ռիֆաաի յայտնեց, որ Սուրիոյ Արաբական Լիկայի վերադարձը եւ արաբական գագաթնաժողովին 32-րդ շրջանի ժողովներուն մասնակցութիւնը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Սուրիոյ ժողովուրդին վրայ։
Ան շեշտեց, որ արաբական երկիրները միաձայնութեամբ քուէարկեցին Սուրիոյ Արաբական Լիկայի վերադարձի որոշումին, նկատի ունենալով, որ Սուրիան Արաբական Լիկայի հիմնադիր անդամներէն է եւ ան արաբական աշխարհին մէջ ունի իր իւրայատուկ դիրքը, աւելցնելով. «Մենք՝ իրաքցիներս սուրիական տագնապի սկիզբէն շեշտեցինք տագնապի քաղաքական լուծման ուղղուելու, Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը։