Երբ փոքր էինք «Համբարձում» մեզի համար կը նշանակէր պտոյտ մը դէպի Սէպիլի այգի, համով ուտելիքներ, նոր փչովի գնդակ մը, շաքար-բամպակ, տապկուած եգիպտացորեն, անսպառ խինդ ու ծիծաղ:
Իւրաքանչիւր Համբարձման Հինգշաբթի պատարագէն ետք հօրաքոյրս իմ ու եղբօրս ձեռքերը բռնած կ’ուղղուէր Սէպիլ: Ճամբայէն վերոնշեալները առնելը պարտադիր պայման էր: Այգիին մէջ նստարաններուն վրայ կը տեղաւորուէինք ու կը բացուէ՜ր ուտելիքներու սակառը: Կշտանալէ ետք կը վազէինք խաղավայր՝ օրօրոցներ, սահնակներ, ինչե՜ր ու ինչե՜ր: Իսկապէս ուրիշ ինչ պէտք էր մանուկի մը ուրախութիւն պարգեւելու համար: Կէսօրէ ետք մայրս հրաւիրուած կ’ըլլար «իրական» Համբարձումի, սակայն «ոտքի տակ չիյնալու» համար մեզի իր հետ չէր տաներ, ուստի Համբարձումի իսկական օրէնքները չեն տպաւորուած մտքիս մէջ:
Աւելի ուշ Համբարձումը ինծի համար «Անոյշ» օփերան էր, որ ամէն տարի Համբարձման գիշերը կը ցուցադրուէր Հայաստանի Առաջին Ալիքէն: Յայնժամ Համբարձումը ինծի համար սարսափազդու էր. կը վախնայի, որ երբ մեծնամ ու վիճակ քաշեմ, իմս Անոյշին պէս վատ պիտի ըլլայ: Սակայն բարեբախտաբար քանի մը տարի ետք այդ վախը չքացաւ:
Մօտաւորապէս երեք-չորս տարի է Համբարձման տօնը ուրիշ տեսանկիւնէ կը դիտեմ: Կ’ըսուի, որ Համբարձման արարողութիւնները զուտ քրիստոնէական աւանդոյթներ են, սակայն ես համամիտ չեմ: Եթէ տօնը զուտ քրիստոնէական է, ինչո՞ւ միւս քրիստոնեայ համայնքները մեզի պէս չեն տօներ: Տօնը նուիրուած է Քրիստոսի երկինք համբարձման, բայց անդին կայ վիճակը, ջան կիւլիւմը, զորս կը կասկածիմ որ քրիստոնէական հիմքեր ունին:
Պրպտեցի, պրպտեցի, ու գտա՜յ…: Հաստափոր փոշոտած երազահանի մը մէջ, որուն քիչ մը աւելի հաստը կամ աւելի բարակը բոլոր տուներուն մէջ կը գտնուի: Երազահանը կ’ըսէ, թէ ծաղկունքի շրջանին տօն մը եղած է, որ նուիրուած է Անահիտ Մայր դիցուհիին: Այս տօնը կը տօնէին կանայք, որոնք ծաղիկներ, բոյսեր ու միրգեր կը նուիրաբերէին Մայր Դիցուհիին, որպէսզի պտղաբեր տարի մը ունենան, ամուրին նշանուի, նշանուողը ամուսնանայ, ամուսնացողը մայրանայ եւ այլն…:
Այս տարի սակայն տարբեր է: Առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուած եմ Համբարձում(ներու) իբրեւ հարսնցուներու ընկերուհի: Կը կարծեմ, որ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով պիտի առնեմ Համբարձումին «Համն ու հոտը», յարգելով բոլոր աւանդոյթները:
Ընկերներս կ’ըսեն, որ Համբարձումը «կնիկական» տօն է, այն իմաստով որ տակաւին կան մարդիկ, որոնք իրենց տղաներուն հարսնցու գտնելու համար Համբարձումի հրաւիրուած աղջիկները կը չափչփեն, ու նուէրները կամ հիւրասիրութիւնը չհաւնելով հոս-հոն կը բամբասեն: Այդ իսկ պատճառով շատերս կը խուսափինք նման առիթներու ներկայ գտնուելէ: Սակայն ես կը կարծեմ, որ գեղեցիկ է Համբարձման աւանդոյթը եւ կ’արժէ պահել ու արժեւորել զայն:
Վեհան Պարսումեան