Ռուսիա կը շարունակէ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) նիւթով Հայաստանի հետ երկխօսութիւնը: Նման յայտարարութիւն կատարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տիմիթրի Փեսքով՝ մեկնաբանելով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքերը, որ ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու հարցը Հայաստանի օրակարգէն դուրս չէ եկած։

«Ընդհանուր առմամբ, ՀԱՊԿ-ը անդամ երկիրներու շրջանին մէջ հեղինակութիւն ունի, հետեւաբար ցոյց կու տայ իր արդիւնաւէտութիւնը տարբեր իրավիճակներու մէջ: Հայաստանի վարչապետի յայտարարութիւնը ցոյց կու տայ, որ մենք պիտի շարունակենք երկխօսութիւնը մեր հայ ընկերներուն հետ։ Մենք անոնց հետ պիտի խօսինք նաեւ ՀԱՊԿ-ի գործունէութեան մեր հետագայ մասնակցութեան նիւթով», քրեմլինի խօսնակի խօսքերը մէջբերած է Газета պարբերականը։

Փեսքով աւելցուցած է, որ ՀԱՊԿ-ը ունի հետագայ զարգացման ներուժ։