Հայաստան-Ատրպէյճան տարածքային ամբողջականութեան թուանշաններով փոխճանաչումը յայտարարելով, Փաշինեան մամլոյ ասուլիսով վերահաստատեց, որ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ կ’ընդունի ու պատրաստ է ոչ միայն զիջելու Արցախը ամբողջութեամբ, այլեւ անոր որպէս ինքնավար մարզ գոյութիւնն անգամ չեղեալ համարելու եւ վերջնականապէս ընդունելու հայկական Արցախը Ատրպէյճանի մաս դարձնելու թշնամիին պայմանը:
 Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հնչած յայտարարութիւնները զիջումներու նոր շարք մըն ալ երեւան հանեցին, երբ  սահմանազատման եւ սահմանագծման համար Փաշինեան յայտարարեց, որ նկատի կ’առնուի 1975-ի քարտէզը, որուն մէջ Ատրպէյճանին կը բռնակցուին հայկական ներշրջաններ:
30 եւ աւելի տարիներու հայ ժողովուրդին պայքարը, անոր թափած արիւնն ու ձեռքբերումները ոտնահարելով, Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախաբանը կազմած Անկախութեան հռչակագիրի հիմնադրոյթը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն Խորհուրդի որոշումը բացայայտօրէն անտեսելով, Փաշինեան կը յայտարարէ նոր եւ վերջնական, անդարձ զիջումի մը ուղղուելու իր որոշումը:
Մամլոյ ասուլիսէն վերջ Արցախի Ազգային ժողովը, որուն իրաւասութեան մէջ կը գտնուի միայն Արցախի ճակատագրին հաստատումը, իր կտրական մերժումը յայտնեց Փաշինեանի յայտարարութեան: 20 Մայիսին Հայաստանի «Կամաւորական Շարժում» հասարակական կազմակերպութիւնը Կոռնիձորի մէջ հանրահաւաք մը իրականացնելով իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախին:
Փաշինեանին մամլոյ ասուլիսին անմիջապէս արձագանգեցին հայ հոգեւոր պետերը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ  տեղի ունեցած Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ժողովը հայ-ատրպէյճանական բանակցային գործընթացի առնչութեամբ կատարուած յայտարարութիւնները դատապատելով անընդունելի նկատեց խաղաղութեան պատրուակով «հիմնաւորուող» միակողմանի զիջումները։ Խորհուրդը հաստատեց, որ  ձեռնարկուող անհեռատես քայլերով, Արցախի Հանրապետութիւնը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալով՝ Հայաստանի իշխանութիւնները Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները անխուսափելիօրէն կը կանգնեցնեն նոր ցեղասպանութեան ու հայրենազրկման դիմաց։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Սուրբ Աթոռը, աշխարհատարած թեմերով, ազգային իշխանութիւններով ու յարակից կառոյցներով ու միութիւններով իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի յայտարարութեան՝ մերժելով Արցախի Հանրապետութիւնը Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան մաս նկատելու որեւէ մօտեցում ու ճիգ որեւէ մէկուն, եւ այս պարագային յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին ու իշխանութեան կողմէ։ Ան կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն համախմբուելու եւ զօրակցելու Արցախին։
Հայ քաղաքական ուժեր Սփիւռքի մէջ թէ հայրենիքի նոյնպէս դատապարտման ու Արցախի յանձնումի մերժման կոչերով հանդէս եկան: Նման կոչերով հանդէս եկան Արցախի նախկին եւ ներկայ նախագահները, Հայաստանի նախկին նախագահներ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահը կոչ ուղղեց Սփիւռքին զօրակցելու եւ վեր առնելու Արցախի ժողովուրդին ազգային ինքնորոշման իրաւունքի պահպանումը՝ քաղաքական տարբեր լծակներու օգտագործումով:
Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ ծայր առած մերժման ալիքը օրըստօրէ կ’ընդլայնի, համազգային համախմբումը ձեւ ու մարմին կ’առնէ:
Պարտուողական նման ստորագրութիւն կասեցնելու համար հարկ է ուժերու մէկտեղումն ու գործնական քայլերու ձեռնարկումը:
28 Մայիս 1918-ի օրերը կը վերյիշեցնեն Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչներուն պատգամը՝ հայ ազգը իր սեփական ուժերով միայն կրնայ տէր կանգնիլ իր հայրենիքին եւ իրաւունքներուն: Այդ ուժերու մէկտեղման ուշացումը անդարձ զիջումներու աղէտին կրնայ հասցնել մեր ազգն ու հայրենիքը: