Երեքշաբթի, 30 Մայիս 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց այցելութիւնը Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերական միաւորի նորանշանակ վարչութեան, որուն կ՚ընկերակցէին Լիբանանէն ժամանած բեմադրիչ Վաչէ Ատրունին եւ Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Արա Մութաֆեան։

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, Վարչութեան ատենապետ Մարինէ Մարգարեան, Սրբազան Հօր ծանօթացուց Թատերական Միաւորին յառաջիկայ գործունէութիւններուն, յատկապէս անդրադարձաւ բեմադրիչին հսկողութեամբ «Փայտոջիլի Պահարանը» կատակերգութեան կազմակերպչական աշխատանքներուն։

Բեմադրիչ Վաչէ Ատրունի անդրադարձաւ թատերախումբի անդամներուն մեծ սիրով ու նուիրումով կատարած ամէնօրեայ փորձերուն։
Թատերական Միաւորի վարչութիւնը խնդրեց Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնը թատերական ներկայացումին, որ տեղի պիտի ունենայ Յունիս ամսուան ընթացքին։

Սրբազան Հայրը իր օրհնութիւնները փոխանցելով շնորհաւորեց նորանշանակ վարչութիւնը, ողջունեց ներկայութիւնը բեմադրիչ Վաչէ Ատրունիին եւ գնահատեց անոր գլխաւորութեամբ տարուած թատերական մասնագիտական գործունէութիւնը, միաւորին մաղթելով բարեյաջող գործունէութիւն մշակութային անդաստանէն ներս։