Մոսկուայի մէջ ընթացք առած է Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու հարցերով աշխատանքային խումբի հանդիպումը, լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի մամուլի քարտուղար Անտրէյ Մաթվեյեւ։

«Մոսկուայի մէջ, պետութիւններու ղեկավարներու յանձնարարականին համաձայն, եռակողմ աշխատանքային խումբը սկսած է աշխատանքը՝ Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի, ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի միատեղ նախագահութեամբ», ըսած է ան։

Աւելի ուշ փոխվարչապետներու հանդիպումին մասին յայտարարած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Քրեմլի մէջ երկու հանրապետութիւններու ղեկավարներուն հետ եռակողմ բանակցութիւններուն ընթացքին։