«Երկիր».- 6 Յունիսին Գերմանիոյ Հաննովըր քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Պունտեսթակի բանաձեւի ընդունումէն կիրարկում Ստորին Սաքսոնիա Երկրամասին Մէջ» խորագիրով ձեռնարկ, որուն կազմակերպիչներն են՝ Հաննովըրի Պատմութեան թանգարանը, Հաննովըրի Յիշողութեան Մշակոյթի կեդրոնը, Գերմանահայկական Ընկերակցութիւնը, Հաննովըրի Ադա եւ Թէոդոր Լեսսինկ Ժողովրդական դպրոցը:

Բանաձեւին մէջ առանձնայատուկ կերպով կը  յիշատակուի, որ թեման 20-րդ դարու ազգային հակամարտութիւններուն մասին դպրոցական դասընթացքի ծրագրին մէջ պէտք է ներառուի:

Կազմակերպիչները խնդրոյ առարկային մասին  Լանտթակի բոլոր խմբակցութիւններուն պաշտօնական կարծիքը իմանալու նպատակով Ստորին Սաքսոնիոյ խորհրդարանին դիմած են՝ հարց տալով, թէ ինչո՞ւ մինչեւ օրս  բանաձեւը սոյն երկրամասին մէջ  չի կիրարկուիր: Ձեռնարկին ընթացքին նմանօրինակ հարցերու փաթեթ պիտի քննարկուի: