«Երկիր».- 4 Յունիս 2019-ին Կիպրոսի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Նիկոս Քրիստոտուլիտես, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան եւ Յունաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ճորճ Քատրուկալոս Նիկոսիոյ մէջ հանդիպում ունեցան եւ որոշեցին իրենց երկիրներու միջեւ եռակողմ գործընկերութիւն հաստատել:
Նախարարները համաձայնեցան, որ երեք երկիրներու` ընդհանուր արժէքներու, մշակոյթի եւ ժառանգութեան վրայ հիմնուած եռակողմ գործակցութիւնը միջազգային իրաւունքի եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ ամրագրուած նպատակներու եւ սկզբունքներու նկատմամբ յարգանքի սկզբունքներով կ’առաջնորդուի:
Նախարարները համաձայնեցան, որ այս եռակողմ գործակցութեան միակ նպատակը խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման խթանումն է մասնակից երկիրներու միջեւ լայն քաղաքական երկխօսութեան եւ գործակցութեան միջոցով:
Աւելին, նախարարները համաձայնեցան նաեւ առաւել ընդլայնել իրենց գործակցութիւնը միջազգային հարթակներու վրայ եւ յայտնեցին աշխարհին որոշումներու կայացման կեդրոններէն ներս սփիւռքի հիմնահարցերու շուրջ գործողութիւններու համակարգման կարեւորութիւնը:
Նախարարները միտքեր փոխանակեցին Կիպրոսի հիմնահարցի եւ Թուրքիոյ կողմէն Կիպրոսի Հանրապետութեան բացառիկ տնտեսական գօտիի խախտումներու, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին ներքոյ լարուածութեան նուազեցման ուղղուած ջանքերու եւ Փրեսփայի համաձայնագրի կիրարկման շուրջ: Անոնք նաեւ քննարկեցին միջազգային օրակարգի հարցեր եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:
Աւելին, անոնք քննարկեցին Եւրոմիութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւնները: Կիպրոսը եւ Յունաստանը իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին այս յարաբերութիւններու ամրապնդման` Արեւելեան գործընկերութեան, ինչպէս նաեւ մէկ կողմէ Եւրոմիութեան եւ Եւրոպական հիւլէական ջերմուժի համայնքի եւ անոր անդամներուն եւ միւս կողմէն Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին, որ ստորագրուած է 24 Նոյեմբեր 2017-ին, որուն ժամանակաւոր կիրարկումը մեկնարկած է 1 Յունիս 2018-էն: Այս առնչութեամբ նախարարները կարեւորեցին բոլոր կողմերու կողմէն Համաձայնագիրի արագ վաւերացումը, որ ամբողջական ուժի մէջ մտնելը հնարաւոր կը դարձնէ:
Նախարարները համաձայնեցան, որ երկիրներու եւ/կամ կառավարութիւններու ղեկավարներու մակարդակով առաջին գագաթաժողովը Յունուար 2020-ին Հայաստան պիտի հիւրընկալէ: