«Երկիր».- ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան Yerkir.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ, որ երէկուան «Ես ծեծած եմ» արարքը կուսակցութեան կողմէն կազմակերպուած չէր, ինքնաբուխ արարք էր, որուն մասնակցեցան դաշնակցականներ:
Սաղաթէլեան ըսաւ.«Շարժումին մասնակիցներուն ուղերձը յստակ էր` այն զգօնութեան կոչ էր իշխանութիւններուն: Երկրի մէջ տեւական, հետեւողականօրէն բռնութեան խօսք եւ քարոզ կը հնչէ, իսկ անպատժելիութեան եւ քաղաքական, իրաւական գնահատականի բացակայութեան պայմաններուն մէջ ատիկա համապատասխան վարքագիծի կը վերածուի: Երկրին մէջ տիրող բարոյահոգեբանական ծանր մթնոլորտի, անհանդուրժողականութեան, թշնամական մերժումի մասին Դաշնակցութեան գնահատականները բազմիցս յայտնած ենք, եւ արձանագրած ենք, որ այսպիսի իրականութեան պատասխանատուութիւնը իշխանութիւններուն է: Իշխանութիւնը պէտք է ընդդիմախօսներուն մտիկ ընել սորվի:
Մենք կողմ ենք օրէնքի գերակայութեան, կը դատապարտենք բռնութիւնը եւ կը գնահատենք Նիկոլ Փաշինեանին բռնութիւնը դատապարտող յայտարարութիւնը: Բայց նաեւ յստակօրէն կ’արձանագրենք, որ բռնութեան եւ ատելութեան կոչեր կը հնչեն իշխանութեան եւ անոնց յարակից շրջանակներուն կողմէն: Եթէ նախորդ մէկ տարուան ընթացքին այս բոլորին դէմ դնէինք, այսօր այս իրավիճակը չէինք ունենար»:
Ինչ կը վերաբերի Փաշինեանին յայտարարութեան տողատակին, թէ մարդիկ, որոնք ազգային արժէքներուն մասին կը խօսին, իշխանութեան մաս կազմելով` թալանած են երկիրը, Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «Անհասցէ մեղադրանք է, եւ ես չեմ պատրաստուիր անոր արձագանգել: Դաշնակցութիւնը երբեք թալանի մասնակից չէ եղած: Ազգային արժէքներուն եւ ազգային արժանապատուութեան պարագային՝ ՀՅԴ-ն միշտ պաշտպանած է այդ արժէքները, պիտի շարունակէ պաշտպանել եւ այդ ուղղութեամբ որեւէ ոտնձգութիւն թոյլ պիտի չտայ»: