«Ապառաժ».-ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, ԿԿ-ի անդամ Վահրամ Բալայեան եւ ՀՅԴ-ի անդամ Արմէն Սարգսեան 8 Յունիսին հանդիպում ունեցած են ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Յովսէփ Աւագեանին, «Արցախֆոնտ» բարեգործական հիմնադրամի Արցախ մասնաճիւղի տնօրէն Տրդատ Միրզոյեանին եւ Հադրութի շրջանի Առաջամուղ համայնքին մէջ կառուցուած մարզադաշտի հովանաւոր Արա Մելքոնեանին ու անոր հարազատներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են հետագայ գործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր: