«Երկիր».-5-7 Յունիսին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցած է ԻւՆԵՍՔՕ-ի «Մշակութային Ինքնարտայայտման Ձեւերու Բազմազանութեան Պաշտպանութեան եւ Խրախուսման» միութեան անդամ պետութիւններու համաժողովին 7-րդ նիստը, որուն ընթացքին Հայաստան ընտրուած  է միութեան միջկառավարական կոմիտէի անդամ` 2019-2023 ժամանակաշրջանին համար:

Տարածաշրջանային վեց խումբերը ներկայացնող 24 անդամէ բաղկացած միջկառավարական կոմիտէն միշտ կը հետեւի անդամ պետութիւններու կողմէն 2005-ին սկսած միութեան աշխատանքը, հաւանութիւն  տալով մշակութային բազմազանութեան միջազգային հիմնադրամէն նախագիծերու նիւթական աջակցութեան, կ’ուսումնասիրէ երկիրներու կողմէն ներկայացուած ազգային զեկոյցները: