«Արմէնփրէս».-Վարչապետ Փաշինեան հիւրընկալած է Համայն Պելառուսի Պատրիարքական Էքզարխ Միթրոպոլիթ Պաւելը:

Մինսքի եւ Զասլաւի Միթրոպոլիթ Պաւելը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար ու յայտնած, որ հայ եւ պելառուս ժողովուրդները իրարու հանդէպ ջերմ եւ անկեղծ վերաբերմունք կը տածեն: Անոր խօսքին համաձայն, իրեն նպատակն է պահպանել ու զարգացնել այդ յարաբերութիւնները, հոգեւոր արժէքներու ամրապնդման ու տարածման միջոցով:

Հանդիպման ընթացքին արծարծուած են նաեւ քրիստոնէական արժէքներուն ու աւանդոյթներուն ամրապնդման, պատմամշակութային երկկողմ յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր: