Հանրապետութեան նախագահի նստավայրէն ներս 11 Յունիսին տեղի  ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի 2018 թուականի մրցանակներու յանձնման արարողութիւնը:

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին, բնական գիտութիւններու զարգացման, գիտարուեստական գիտութիւններու եւ տեղեկատուական ճարտարարուեստի, արուեստի, բժշկագիտութեան, բնագիտութեան գրականութեան, դասական երաժշտութեան բնագաւառներէն ներս ներդրու ունեցած նշանակալի աւանդին համար շնորհուած մրցանակները յանձնած են Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ «Ռոպերթ Պօղոսեան եւ որդիներ» հիմնադրամի համահիմնադիր, սփիւռքահայ բարերար Ժան Պօղոսեան:

Շնորհաւորելով մրցանակակիրները` նախագահ Արմէն Սարգսեան նշած է.

«Այսօրուան այս արարողութիւնը հերթական վկայութիւն է, որ աշխատանքը, գիտելիքը, ծառայութիւնը, վաստակը եւ նուիրումը երբեք չեն կորսնցներ իրենց արժէքը: Անոնք միշտ իրենց գնահատականը պիտի ունենան»: Ապա եզրափակելով ըսաւ.«Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացի, իւրաքանչիւր հայ Հայաստանի, Արցախի, թէ Սփիւռքի մէջ ունի պետականութեան իր անհատական ըմբռնումը: Սակայն այդ ըմբռնումը պէտք է ունենայ մէկ նպատակ. Հայրենիքը` Հայաստանը եւ Արցախը, տեսնել միասին, կուռ եւ համախմբուած, ուժեղ եւ զարգացած, պաշտպանուած եւ օրէնքով առաջնորդուող»:

Պօղոսեան հիմնադրամի համանախագահ Ժան Պօղոսեան նախ շնորհաւորած է նախագահ Արմէն Սարգսեանը` Հայաստանի մէջ «Միտքերու հայկական գագաթնաժողովի» կազմակերպման  առթիւ:

Խօսելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի մրցանակին մասին` Ժան Պօղոսեան յայտնած է, որ  արդէն աւանդական բնոյթ ունի: «Շնորհակալ եմ, պարոն նախագահ, Ձեր աջակցութեան համար, որ կարելիութիւն կ’ընձեռնէք, որպէսզի Հայաստանի մէջ այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը շարունակուի: Մենք միասին պիտի աշխատինք այս մրցանակը ալ աւելի կարեւոր ու միջազգային դարձնելու ուղղութեամբ», ըսած է Ժան Պօղոսեան: