Կազմակերպութեամբ ՍՕ Խաչի Առողջապահական Յանձնախումբին Հինգշաբթի, 16 Մայիս 2019-ի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը ծխախոտի վնասակար ազդեցութեան մասին, զոր ներկայացուց Մարդասիրական առաքելութեամբ Հալէպ գտնուող հայրենի բժիշկ, թունաբան Արշակ Մարկոսեան։
Յարգարժան բժիշկը դասախօսութիւնը ներկայացուց սահիկներու ընկերակցութեամբ, նախ անդրադառնալով մարմնի բջիջներուն, որոնք թունաւոր նիւթեր արտադրելով պատճառ կը հանդիսանան տարբեր հիւանդութիւններու, սակայն նախազգուշութեամբ կարելի կ’ըլլայ նուազեցնել անոնց վարակումները։
Դասախօսը օրինակներով ներկայացուց ծխախոտի վնասակար ազդեցութիւնը, ակնարկելով, թէ  1987 թուականէն ի վեր 18 Նոյեմբերին ողջ աշխարհը կը յիշատակէ ծխելու դէմ պայքարի միջազգային օրը։
Կանուխ անցեալին ծխախոտի վնասակար դերը թերեւս յայտնի չէր ժողովուրդին, եւ ոչ ոք գիտեր, որ յառաջիկային պիտի սահմանուէին օրէնքներ, որոնք պիտի սահմանափակէին ծխախոտի գործածութիւնն ու գովազդները։
Անցեալին եթէ զարկ տրուած էր գովազդին, ներկայիս՝ հակագովազդին։
Այսօր համացանցը ողողուած է հակածխախոտային գովազդներով, բացայայտելով ծուխի եւ նիքոթինի բացասական ազդեցութիւնը թոքի, ստամոքսի, քաղցկեղի, միզապարկի եւ մահացու դէպքերու մասին։
Յարգելի բժիշկը մատնանշեց, որ յիշեալ դասխօսութեան նպատակն է քարոզել ծխախոտի բացասական ազդեցութեան մասին, անդրադառնալ դեռահաս տարիքի ծխողներուն եւ թելադրել իւրաքանչիւրին իր աւանդը ներդնել ծխելու այս արտասովոր  երեւոյթի պարզաբանման։
Եզրափակելով ան յայտնեց, որ ծխելը կը նպաստէ հիւանդութիւններու զարգացման, իսկ ծխողին տան մթնոլորտի «ռատիօ ճառագայթումը» 1,5 անգամ բարձր է չծխող մարդոց տան մթնոլորտէն։
Յարգելի բժիշկը նկատել տուաւ, որ ծխախոտի դէմ պայքարը պէտք է սկսիլ մանկական տարիքէն, մատնանշելով ծխախոտի պատճառաւ յառաջացող թունաւորումները։
Անդրադառնալով նիքոթինի մահացու չափաքանակին, յայտնեց թէ 2-3 կաթիլ նիքոթինը մարդու արեան մէջ կ’անցնի 20 ծխախոտի գլանիկ օգտագործածելէ ետք։
Ծխողը չի մեռնիր քանի որ այդ չափաքանակը ան կը ստանայ աստիճանաբար, ոչ թէ միանուագ։
Անդրադառնալով ծխելու պատճառներուն, բժիշկը յայտնեց, թէ հիմնականը սովորութիւնն ու հետաքրքրասիրութիւնն է։ Ծխողը անտեղեակ ըլլալով ծխախոտի վնասակարութեան, նախ կը փորձէ ծխել ժամանակակից դառնալու, եւ կամ նմանելու ֆիլմի հերոսներուն, սակայն հետագային  չի կրնար հրաժարիլ այդ սովորոյթէն։
Ծխելը բացասական անդրադարձ կ’ունենայ դպրոցականներու եւ դեռահասներու վրայ, որովհետեւ այդ տարիքին անոնք ֆիզիքական եւ հոգեկան զարգացման փուլի մէջ կ’ըլլան, եւ ծխելը կործանիչ հետեւանքներ կ’ունենայ իրենց առողջութեան վրայ։
Պարզուած է թէ անոնք, որոնք սկսած են ծխել 15 տարեկանէն սկսեալ կամ առաջ՝ աւելի յաճախ քաղցկեղի ենթակայ են քան՝ անոնք որոնք սկսած են 25 տարեկանէն յետոյ։
ՍՕ Խաչի
Շրջանային Վարչութիւն