Ուրբաթ, 14 Յունիս 2019-ի առաւօտ, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Արմէն Սարգսեան, Հիւպատոսութեան քարտուղարն ու ՀՀ Մարդասիրական առաքելութեան հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ՝ գնդապետ Արկատի Տօնոյեան այցելեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանին։

Գլխաւոր հիւպատոսը շնորհաւորելով նոր
առաջնորդին ընտրութիւնը յաջողութիւն մաղթեց անոր աշխատանքներուն եւ ծրագրերուն։

Հանդիպումին, որ տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ, ներկայ էր նաեւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տարօն Մակարեան։

Հանդիպումը ընթացաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ, թեմին եւ հիւպատոսութեան միջեւ սերտ գործակցութիւնը շարունակելու առաջադրանքով։